ԱԹԷՆՔ.- ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Արցախի նուիրուած ելոյթներու շարքը սկիզբ առաւ Թեսաղոնիկէի մէջ, ուր Կիրակի, 17 Մարտին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուեցաւ ժողովրդային հաւաք մը բանախօսութեամբ՝ յատկապէս հրաւիրուած Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար տոքթ. Լեռնիկ Յովհաննիսեանի:
Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան խանդավառութեամբ ողջունեց հիւր նախարարին ներկայութիւնը։
Ձեռնարկին մասնակցեցան հելլէն խորհրդարանի պատգամաւոր, նախկին փոխնախարար Գոնսթանտինոս Կիւլեքաս եւ Յունաստանի Համապոնտական միութիւններու նախագահ Խրիսթինա Սախինիտու, որոնք առանձնաբար զրուցեցին նախարարին հետ՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախի ժողովուրդի արդար դատին:
Ձեռնարկին ներկայ եղան Թեսաղոնիկէի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեան եւ թաղականութեան ու Տիկնանց մարմինի անդամները ու բազմութիւն մը:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Թեսաղոնիկէի ՀՅԴ կոմիտէին կազմակերպութեամբ իրագործուած ձեռնարկին բացումը կատարեց Պետրոս Հալաճեան յայտնելով, թէ նախարարի՝ Յունաստան այցելութեան նպատակը թէ՛ գաղութը ճանչնալու, թէ՛ ի մասնաւորի քաղաքական հանդիպումներ իրագործելու կարեւոր առիթ մըն է։ Ան Յունաստանի հանրային կարծիքին առջեւ պիտի դնէ Արցախի հերոսական ժողովուրդին դատը եւ Արցախի պետութեան միջազգային ճանաչման հեռանկարը:
Արցախի Հանրապետութեան մշակութային, զբօսաշրջութեան ոլորտներու զարգացման ու երկրի միջազգային ճանաչման հեռանկարներուն մասին խօսեցաւ նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ կարեւորութեամբ շեշտեց Սփիւռքի ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը այս գործառոյթին մէջ:
Նախարարը խօսեցաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ ապրող յունական ծագումով քաղաքացիներուն մասին՝ յայտնելով, թէ Արցախի մէջ 19րդ դարու 40ական թուականներէն արդէն ձեւաւորուած էր յունական փոքրիկ համայնք մը, որ ապրած է ու կը շարունակէ ապրիլ իր հետաքրքրական առօրեայով՝ մասնակից մնալով Արցախի հասարակական կեանքին:
Ան խօսեցաւ Արցախի Մեհմանա գիւղին մէջ բնակող յոյներուն մասին, ինչպէս նաեւ լրագրական ու այլ աշխատանքներով զբաղող յոյներուն:
Իրեն ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով՝ նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Արցախ-Յունաստան յարաբերութիւններուն, զորս կարելի է աւելի ամրապնդել՝ կրթութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան բնագաւառներէն ներս, արդիւնաւէտ գործակցութեամբ:
Ձեռնարկէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ շարունակուեցան զրոյցները եւ քննարկումները հելլէն խորհրդարանի պատգամաւոր Գոնսթանտինոս Կիւլեքասին հետ, որ իր ջերմ զօրակցութիւնը անգամ մը եւս յայտնեց Արցախի ժողովուրդին:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ
Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան ու զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ անոր ընկերակցող ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները, Ուրբաթ, 15 Մարտին, այցելութիւն մը տուին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն:
Դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի աշխատանքային պարտականութեամբ Յունաստանէն բացակայութեան պատճառով, նախարարը ընդունեցին դեսպանի տեղակալ Ալեքսանդր Սարգսեան եւ հիւպատոսին տիկինը՝ Աննա Խաչատրեան:
Գործակցութեան բարձր մակարդակի եւ շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ, զրոյց ծաւալեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հարցերուն շուրջ:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՅԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Թեսաղոնիկէ եւ Աթէնք իր այցելութեան ծիրին մէջ, Արցախի Հանրապետութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան առիթը ունեցաւ տեսակցելու ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն հետ, որոնց հետ ջերմ մթնոլորտի մէջ ու շինիչ քննարկումներու ընթացքին ան ներկայացուց Արցախի ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ապագայի հեռանկարները: