Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի քաղաքապետարանը հաւանութիւն տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարանի կառուցման։
Թանգարանը պիտի կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի հիմնադրամի կողմէ, մայրաքաղաքի Պալերմօ արուարձանի հայկական համայնքի կեդրոնին մօտ, Կուրուճակա փողոցին վրայ:
Քաղաքապետարանը հիմնարկին թանգարանի կառուցման համար յատկացուցած է 30 տարի, որ կրնայ երկարաձգուել:
Թանգարանին մէջ պիտի կը ստեղծուի նաեւ Արժանթինի մէջ հայկական հետքի արխիւ մը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան գրադարան եւ արխիւ: