ԵՐԵՒԱՆ.- Թանգարաններու այցելուներու թիւը զգալիօրէն աճած է, իսկ Երեւանի գրախանութներու մէջ գիրքերու մրցանշային վաճառք արձանագրուած է:
Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի հարցերու յանձնաժողովի նիստին, մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Նազելի Ղարիբեան այս վիճակը ներկայացնելով՝ ըսաւ. «Մշակոյթի առումով կառավարութեան քաղաքականութիւնը միտուած է եղել մշակութային կեանքին հանրային ակտիւ մասնակցութիւն ապահովելուն, մշակութային միջոցառումների լայն քարոզչութիւն իրականացնելուն: Նախորդ տարուայ համեմատ այս տարուայ կտրուածքով աւելի քան 121 հազարով աւելացել է Մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեան տակ գտնուող թանգարանների այցելուների թիւը»: