ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Լոռիի մարզի Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ, չինական ընկերութիւն մը կը պատրաստուի 5 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել՝ ջուրի արտադրութեան գործարան հիմնելու համար: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան:
Նախարարը նշեց, որ Լոռիի մարզին մէջ առաւել քան 50 ներդրումային ծրագիրներ ներկայացուած են՝ զբօսաշրջութեան, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Կառավարութեան 14 Մարտի նիստին, հարկային արտօնութիւն տրուած է «Էյ. էնտ էմ. Ռէյր» ընկերութեան, որ պիտի զբաղի քաղցր եւ հանքային ջուրերու շիշերու մէջ լեցնելով:
«Լօռի» օ-ով կը գրուիշ ոչ թէ ո-ով:
«Լօռի» օ-ով կը գրուի, ոչ թէ ո-ով: