ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի վարելահողերէն շուրջ 200 հազար հեկտարը չի մշակուիր: Այս մասին լրագրողներու յայտնեց գիւղատնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գեղամ Գէորգեան:
«Մենք պէտք է այնպէս անենք, որ հողի մշակումը դառնայ արդիւնաւէտ, եւ Հայաստանում մէկ սանթիմեթր հող չմնայ, որ չի մշակուելու: Բայց դա մէկ տարուայ հարց չէ», ըսաւ Գէորգեան՝ աւելցնելով, որ նախարարութիւնը գիւղատնտեսութեան եղանակին նախապատրաստուած է, սակայն խնդրական կը մնայ ոռոգման ջուրի հարցը, զոր կը փորձեն լուծել տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան հետ համագործակցելով:
Գէորգեան անդրադարձաւ նաեւ ոլորտի ներդրումային ծրագիրներուն: Ան յայտնեց, որ կառավարութեան ներկայացուած են հինգ ուղղութիւններով ներդրումային ծրագիրներ, որոնք կը վերաբերին թռչնաբուծութեան, ջերմոցային տնտեսութիւններուն, այգեգործութեան ոլորտներուն եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման: