ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն, Գումգաբուի մէջ թրքահայ հաւատացեալ ժողովուրդը խոնարհեցաւ նորոգ վախճանեալ հոգեւոր պետի դագաղին առջեւ:
Չորեքշաբթի օր, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան շարունակեցին Գումգաբուի մէջ ընդունիլ ցաւակցական այցելութիւններ:
Օրուան առաջին կիսուն եւ յետմիջօրէի սկիզբի այս ընդունելութիւններէն ետք, պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցան իրերայաջորդ ժողովներ, որոնք Կիրակի օրուան յուղարկաւորութեան, վերջին օծման ու թաղման արարողութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներուն վրայ կեդրոնացած էին: Կիրակի օր, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Մեսրոպ պատրիարքի յուղարկաւորութեան առթիւ պիտի պատարագէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան: Վերջին օծումը պիտի կատարէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան, որ Հինգշաբթի օր կը ժամանէ Պոլիս: Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետին պատգամը պիտի ընթերցէ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ վատիկանի մօտ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան, որ պիտի գլխաւորէ յուղարկաւորութեան մասնակցող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը: Այդ պատուիրակութեան երրորդ անդամը պիտի ըլլայ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան: Յուղարկաւորութեան ընթացքին պիտի ընթերցուի նաեւ պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, որուն ներկայացուցիչները՝ Լիբանանի թեմակալ առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Խորէն եպս. Աշքարեան Հինգշաբթի օր կը հասնին Պոլիս:
Կիրակի օր, հոգելոյս պատրիարք հօր դագաղը երբ դուրս բերուի Մայր եկեղեցիէն, Շիշլիի գերեզմանատունը ուղղուելէ առաջ, պահ մը կանգ պիտի առնէ նաեւ պատրիարքարանի մուտքին: Այդ փուլին դամբանական պիտի կարդայ իրաւաբան Սեդրակ սրկ. Տավութհան: