ՌՈՊԷՐ ՀԱՏԷՃԵԱՆ
Մարտ ամիսը բախտաւոր ամիս մը չէ եղած Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի պատմութեան մէջ։ Արդարեւ, 7 Մարտ թուականով էր, որ կորսնցուցինք սիրեցեալ Շնորհք Գալուստեան պատրիարքը, 10 Մարտ թուականով էր որ կորսնցուցինք Գարեգին Գազանճեան պատրիարքը, 8 Մարտ թուականով էր, որ հիմա կը կորսնցնենք Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարքը։ Բայց անկասկած այս վերջինը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի որպէս մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքի ամէնէն բախտորոշ թուականներէն մէկը։
Փոթորիկներով լեցուն շրջան մը կը փակուի Մեսրոպ Մութաֆեան պատրիարք սրբազանին վախճանումով եւ կը բացուի նոր շրջան մը, ուրկէ ներս պիտի սպասենք որ կարգով լուծում գտնեն կուտակուած այն բոլոր հարցերը, որոնք ստեղծուած էին Մեսրոպ Սրբազանին տասը տարուան իշխանութեան յաջորդող 11 տարուան մահաքունի ընթացքին։ Այդ հարցերէն գլխաւորն ալ, անշուշտ, պատրիարքական ընտրութիւնն էր, որուն համար պետութենէն արտօնութիւն չէինք կրցած ստանալ։
Պատմութիւնը անտարակոյս շատ բան ունի ու պիտի ունենայ խօսելու այս փոթորկոտ ժամանակաշրջանին մասին, երկարատեւ ժամանակաշրջան մը, որու ընթացքին մենք ականատեսը եղանք Մեսրոպ սրբազանի կեանքի չորս հանգրուաններուն։ Առաջինը այն շրջանն էր, զոր Մեսրոպ սրբազան որպէս վարդապետ գործեց Շնորհք Պատրիարքի պատրիարքութեան օրերուն, նախ որպէս Շնորհք պատրիարքի մօտիկ օգնականը, ապա Շնորհք պատրիարքի հետ հարցեր ունեցող հոգեւորական։ Երկրորդը այն շրջանն էր երբ Գազանճեան սրբազան պատրիարք ընտրուեցաւ։ Այդ շրջանին ալ Մեսրոպ սրբազան գործեց որպէս Գազանճեան պատրիարքին մօտիկ գործակիցը։ Երրորդը, որ թերեւս Մեսրոպ սրբազանի կեանքին ամէնէն փայլուն շրջանն է, անոր պատրիարքութեան շրջանն է, որ տեւեց տասը տարի եւ որ դրական ու շինիչ գործերով լեցուեցաւ՝ մինչեւ որ հիւանդութիւնը սկսաւ կրծել անոր առողջութիւնն ու գիտակցութիւնը։ Իսկ չորրորդ շրջանը այս վերջին 10-11 տարիներու շրջանն է, որուՆ ընթացքին Մեսրոպ սրբազան մնաց ամբողջական մահաքունի մէջ, մարմնով ներկայ, գիտակցութեամբ բացակայ։ Ո՛չ մէկը կրնայ այս փոթորկոտ ու մեր Պատրիարքական Աթոռին համար բախտորոշ շրջանը լրիւ հասկնալ՝ եթէ չի գիտեր Մեսրոպ սրբազանի կեանքի վերոյիշեալ չորս շրջաններու պատմութիւնը։
Պատմութեան մէջ հաւանաբար բնաւ տեսնուած չէ, որ այսքան պատասխանատու ու հեղինակաւոր դէմք մը մահաքունի մէջ մնայ աւելի քան տասը տարի եւ լրիւ կորսնցնէ իր պարտականութիւնները կատարելու կարելիութիւնը։ Բայց զարմանալի հակասութիւն մը կայ այս բոլորին մէջ։ Կարելի է ըսել որ եկեղեցական ո՛չ մէկ իշխանաւոր իր գահակալութեան ընթացքին կրցաւ մեր Պատրիարքական Աթոռին ու մեր եկեղեցական կեանքին վրայ այնքան իր մասնաւոր ու բախտորոշ դրոշմը դնել, որքան դրաւ Մեսրոպ սրբազան իր մահաքունի տարիներու ընթացքին։ Այսպէս է որ, հակառակ որ Աթոռը թափուր էր, չկրցանք Պատրիարքական ընտրութիւն իրականացնել։ Պետութիւնը որոշած էր ընտրութեան արտօնութիւն չտալ որքան ատեն որ Մեսրոպ սրբազան կը շարունակէր մնալ կեանքի մէջ, եթէ կարելի է «կեանքի մէջ» ըսել։ Մեսրոպ սրբազանը յանցաւոր չէր անշուշտ, եթէ իր մահաքունով արգելք կը հանդիսանար նոր ընտրութեան։ Բայց իրականութիւնն այն էր, որ արգելք կը հանդիսանար։ Ստեղծուած կացութիւնը ողբերգական էր, մարդկային արժանապատուութեան տէր ոեւէ հայ մարդ, որքան ալ տառապէր ու տուժէր Աթոռին թափուր մնացած ըլլալէն, չէր կրնար մաղթել որ Մեսրոպ սրբազան ժամ առաջ վախճանի։
Կրկնենք որ պատմութիւնը շատ բան պիտի պատմէ Մեսրոպ սրբազանի ապրած ու չապրած տարիներուն մասին, որոնք լեցուեցան ճերմակով ու սեւով։ Մենք ալ բնականաբար պիտի ունենանք մեր խօսքը։ Մեսրոպ սրբազան երեւոյթ մըն էր եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ այն վայրկեանը երբ փչեց իր վերջին շունչը։ Պատրիարքական շրջանին, ունեցաւ շինիչ գործունէութիւն, կրցաւ երիտասարդ սերունդները կապել Պատրիարքարանին ու մեր եկեղեցիին։ Թափ տուաւ մտաւորական գործունէութեան, նոր հորիզոններ բացաւ մեր եկեղեցական կեանքէն ներս։ Եթէ երբեմն հարցեր ունեցանք իրեն հետ, այդ հարցերը լուծուեցան քաղաքակիրթ պայմաններու մէջ։ Եւ հիմա, այդ Մեսրոպ սրբազանն է որ վերջնականապէս կը մեկնի իրեն հետ տանելով վաղուց թօշնած իր սիրուն ժպիտը։
Երէկուընէ ի վեր դարձեալ մտած ենք բախտորոշ նոր շրջանէ մը ներս։ Գիտենք որ հիմա պատրիարքական ընտրութեան հարցը դարձեալ առաջնակարգ պիտի դառնայ։ Պետութիւնը հաւանաբար այլեւս արգելք մը պիտի չտեսնէ Պատրիարքական ընտրութեան արտօնութիւն տալու մէջ, այդ ընտրութեան կապակցութեամբ ալ հարցեր ու թերեւս պայքարներ պիտի ունենանք։ Բայց հերիք է։ Երանի՜ թէ ամէն ինչ այլեւս ընթանայ խաղաղ ու շինիչ պայմաններու մէջ եւ Պատրիարքական Աթոռը, որ վերջին տասը տարիներու ընթացքին ներկայացուեցաւ Փոխանորդ Արամ Սրբազանի կողմէ, ունենայ իր արժանաւոր գահակալը։
Հիւանդանոցին մէջ այն սենեակը, ուր տասը տարի ապաստան գտան տառապեալ Պատրիարքն ու անոր անբախտ տիրամայրը, թափուր է այլեւս, բայց ո՜վ ըսաւ որ թափուր է։ Ամբողջ պատմութիւն մը կայ այդ սենեակին մէջ եւ այդ պատմութիւնը հիմա թանգարանի մը նմանցուցած է այդ սենեակը։ Հոն տասը տարի իր որդւոյն քով ապրեցաւ նաեւ տառապեալ տիրամայր մը։ Տիրամայրը ամէն օր բռնեց իր որդւոյն ձեռքը ու աղօթեց անոր համար։ Հիմա գիտենք որ տխուր է ան, բայց զարմանալիօրէն կայ բան մըն ալ որ մարդուս, նոյնիսկ տիրամօր գոհունակութիւն պէտք է պատճառէ։ Այն է տեսնել, որ հիմա նոր էջ մը կը բացուի մեր ազգային, եկեղեցական ու մշակութային կեանքէն ներս։ Տա՛յ Աստուած, որ այդ նոր էջը լեցուի ուրախ եղելութիւններով, որոնք մեզի պիտի վերադարձնեն վերջին տասը տարուան ընթացքին մեր կորսնցուցածները։
Լոյսերու մէջ թող ննջէ Մեսրոպ պատրիարք սրբազանը։