ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 13 Մարտին, Երեւանի մէջ, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մայիս Մայլեան հանդիպեցաւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի հետ, որուն ան ներկայացուց Արցախի պաշտօնական տեսակէտը Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն Արցախի մասնակցութեան վերաբերեալ:
«Ինձ թւում է՝ մենք համոզիչ փաստարկներ ենք ներկայացրել», ըսաւ Մայիլեան, հանդիպումէն ետք խօսելով լրագրողներու հետ: Ան աւելցուց, որ ԵԱՀԿի նախագահը լսողի դերին մէջ եղած էր:
Խօսելով Փաշինեան-Ալիեւ սպասուող հանդիպումէն իրենց ակնկալիքներուն մասին՝ Մասիս Մայիլեան ըսաւ. «Հանդիպումները կարեւոր են, պէտք է դրանք շարունակուեն: Եւ նաեւ պարոն Փաշինեանն ասել է, որ այդ հանդիպումների ժամանակ ինքը խօսելու է Հայաստանի անունից, քանի որ լիազօրուած չէ Արցախի անունից խօսելու»։
Ըստ Մայիլեանի՝ հանդիպումներուն Նիկոլ Փաշինեան պիտի քննարկէ նաեւ եռակողմ ձեւաչափի անցնելու հարցը:
Մայիլեանի համաձայն՝ Արցախի մէջ տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին չէ քննարկուած Նիկոլ Փաշինեանի՝ Արցախի կողմէ բանակցութիւններուն մասնակցելու լիազօրութեան հարցը:
«Անվտանգութեան խորհրդի նիստը փակ էր, ես չեմ կարող ասել՝ ինչ է քննարկուել: Բայց կարող եմ ասել, որ որեւէ մանդատ տրամադրելու խնդիր չկայ: Հէնց նոյն այդ նիստի բացման ժամանակ պարոն Փաշինեանն ասաց, որ ինքը բանակցելու է միայն Հայաստանի անունից, ինքը լիազօրուած չէ խօսելու Արցախի անունից», ըսաւ նախարարը: