ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինը Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային ընկերութեան 10 Սեպտեմբեր 2018էն 22 Յունուար 2019, գործունէութիւնը ստուգելու ընթացքին յայտնաբերած է, որ ընկերութեան պատկանող Արծուանիկի պոչամբարի յարակից Արծուանիկ, Չափնի եւ Սեւաքար գիւղերու 18.5 հեկտար հողամասերը ծածկուած են պոչանքներով:
Արտահոսք եղած է նաեւ ընկերութեան պատկանող խողովակներէն: 24 Սեպտեմբեր 2018ին տեղի ունեցած արկածին հետեւանքով Ողջի գետի ջրաւազան արտանետուած են 1.97 թոն վտանգաւոր նիւթեր: 2018ի 3րդ եռամսեակին, ջրային աւազան արտանետուած է 0.29 քիլոկրամ զինկ:
1 Նոյեմբեր 2014էն 20 Ապրիլ 2017, ընկերութիւնը աշխատած է առանց մթնոլորտային արտանետումները չափելու:
Տեսչական մարմինը բացայայտած է, որ այդ ժամանակահատուածին մթնոլորտին մէջ արտանետուած է 1754.92 թոն փոշի, 435.78 թոն ածխածինի թթուիտ, 325.26 թոն ազոտի թթուիտ, եւ այլ թունաւոր նիւթեր:
Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմինին կողմէ հաշուըւած է շրջակայ միջավայրին հասցուած 382.4 միլիոն դրամի վնաս եւ ներկայացուած է վնասի փոխհատուցման պահանջ: