ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց իր քաղաքացիներուն՝ զգուշանալ Ատրպէյճան մեկնելէ:
«Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւնը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին՝ կարգաւորուած չըլլալուն պատրուակին տակ մերժել Ատրպէյճան մուտք գործել փափաքող Ռուսիոյ իւրաքանչիւր քաղաքացիի, որ ուղղակի կամ անուղղակի ծագումնաբանական կապ ունի հայ ազգին հետ: Ատրպէյճան մուտք գործելու մերժումը սահմանապահ ծառայութիւնը կը մեկնաբանէ այդ մարդոց անվտանգութիւնը ապահովելու անկերելիութեամբ: Ռուսական կողմը բազմիցս դիմած է ատրպէյճանական կողմին՝ յայտնելով, որ անթոյլատրելի է Ռուսիոյ քաղաքացիներու՝ Ատրպէյճան մուտքը սահմանափակելը եւ անոնց նկատմամբ խտրական վերաբերում ցուցաբերելը: Սակայն ատր-պէյճանական կողմը չէ արձագանգած Ռուսիոյ դիմումներուն», գրուած է զգուշացման հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութիւնը կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճան մեկնիլ փափաքող Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատի ունենալ հնարաւոր վտանգները: