
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախորդ երեք տարիներուն, Համահայկական ուսանողական միութեան (All-ASA) ջանքերով շրջանաւարտներու յատուկ Եռագոյն ծոպերու վաճառքով կարելի եղած է գոյացնել մօտաւորապէս 5000 տոլար հասոյթ մը:
Ծրագիրին առաջին տարուան նպատակն էր՝ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ մեղուաբուծութեան ջանքերուն աջակցող «Մէկ Հայաստան» կազմակերպութեան, իսկ վերջին երկու տարիներուն կարելի եղաւ ծոպերու արտադրութիւնը իրականացնել Դիլիջանի մէջ, տեղական ուժերով, իսկ վաճառքին հասոյթը տրամադրուեցաւ Ստեփանաւանի կից գտնուող սահմանային Մեդովկա գիւղին շարք մը ծրագիրներու, ներառեալ՝ զբօսայգիի մը շուրջ ցանկապատ մը կառուցելու եւ զբօսայգիին մէկ մասը ֆութպոլի մրցումներու յարմարցնելու, ֆութպոլի գնդակներ եւ մարզական իրեր գնելու՝ քաջալերելով գիւղին մէջ աղջիկներու յատուկ ֆութպոլի խումբի մը կազմութեան:
Այս աշխատանքը իրականացնելու ջանքերուն մեծապէս նպաստած էր Համահայկական ուսանողական միութեան Հայրենի նախաձեռնութիւններու յանձնախումբը, որուն անդամներէն մէկն է Խաչիկ Չուխաճեան, որ երկու տարի դասաւանդած էր Մեդովկայի մէջ։
Անցեալ տարի, կարելի եղաւ նաեւ գիւղին վարժարանի փակ մարզասրահին համար նոր պատուհաններ զետեղել եւ նորոգութեան այլ աշխատանքներ իրականացնել, աշակերտերու ծնողներուն կամաւոր աջակցութեամբ։
Համահայկական ուսանողական միութեան ատենապետ Հռիփսիմէ Բիազեան անցեալ տարուան Օգոստոսին այցելեց Մեդովկա, յաւելեալ աջակցութեանց կարելիութեանց շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալով գիւղի վարժարանի տնօրէնուհի Սուզանա Աւդալեանի եւ ուսուցիչներու հետ։
Նաեւ, Միսաք Մարտիրոսեան կը պատրաստուի երկու տարիներով գիւղին մէջ ուսուցչութեան պարտականութիւնը ստանձնել։
Վերջին երեք տարիներու ծրագիրներուն ստեղծած խանդավառութենէն մեկնած՝ այս տարի եւս նման ծոպեր պիտի ծախուին, եւ որոշուած է այս տարուան նախաձեռնութեան հասոյթը տրամադրել Մեդովկայի վարժարանին պատուհաններու նորոգութեան եւ վարժարանին համար կենսական այլ արարկաներու գնումին։
Ծոպերուն արժէքը 20 տոլար է։
Ծոպեր ապսպրելու համար՝ այցելել www.all-asa.org կայքը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել executives@all-asa.org հասցէին: