104 տարեկանին մահացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած յայտնի լուսանկարիչ Հայկ Արթին:
Հայկ Արթին Գոճապապեան ծնած է 1914ին, Համաշխարային Առաջին պատերազմին սկսած օրէն շաբաթ մը ետք: 4-5 տարեկանին որբացած է: Տեսած է, թէ ինչպէ՛ս թուրք զինուորները կը տանին իր մայրը։ Իսկ հայրը, որ ուսողութեան փրոֆեսէօր էր, անհետացած է: Անոր ընտանիքը հարուստ էր. կը պատկանէր Հաճընի իշխող դասակարգին:
Պոլսոյ մէջ որոշ ժամանակ մը մնացած է հօրեղբօր մօտ, ապա գաղթած է Մարսէյ, անկէ Պուէնոս Այրես, իսկ 10 տարեկանին՝ Նիւ Եորք:
Ան լուսանկարած է հարսնցուներ, նաեւ Սպիտակ տան քաղաքական գործիչներ, նոյնիսկ Ֆրանքլին Ռուզվելթը:
Հայկ Արթին ունի չորս դուստրեր, 9 թոռնիկներ, 17 ծոռեր եւ մէկ մեծ ծոռ: