ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Եւրոպական Միութեան անդամ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը Թուրքիոյ դէմ բողոք ներկայացուց ՄԱԿին՝ Կիպրոսի մերձակայքէն ուժանիւթ արտածելու նպատակով ապօրինի աշխատանքներ կատարելուն համար:
Թուրքիա հետազօտութիւններ կ՛իրականացնէ Կիպրոսի յարակից բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ, որ իբրեւ այդպիսին չի ճանչցուիր հիւսիսային Կիպրոսը բռնագրաւած Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:
Բողոքագիրին մէջ նշուած է, որ Թուրքիա ապօրինի արարքներու կը դիմէ այն տարածքին մէջ, որուն մէջ աշխատելու արտօնութիւնը Նիկոսիոյ իշխանութիւնները յանձնած են ֆրանսական «Թոթալ» եւ իտալական «Էնի» ուժանիւթի ընկերութիւններուն:
Կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ այս քայլը խախտում մըն է միջազգային իրաւունքի տարրական սկզբունքներուն եւ Կիպրոսի ինքնիշխանութեան իրաւունքին նկատմամբ։