ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Արուեստներու աւանդական ցանկին մէջ տեղ չունի բնականաբար այս «արուեստ»ը, որ ոմանց համար շատ աւելի բարձրամակարդակ արուեստ է, քան սովորաբար ընդունուած եւ մշակութային արժէք ներկայացնող արուեստները: Գեղանկարչութիւնը, երաժշտութիւնը, ճարտարապետութիւնը եւ բոլոր միւս արուեստները, որոնք կը կազմեն մշակոյթին բաղկացուցիչ տարրերը, հիւանդ ձեւացող մարդուն համար չեն կրնար գերազանցել «իր արուեստը», որ ընդհանրապէս այդ վայրկեանի ծնունդ եւ զգացողութիւն կրնայ ըլլալ:
Գաւառային կեանքի օրերէն մնացած յիշատակ մըն է այս «արուեստ»ը մեր ազգի կեանքին մէջ, երբ տգիտութեան մէգով պատուած գիւղացի մարդուն զգացած հիւանդութեան պահուն, շատ խորհրդաւոր քայլերով անոր տունը կը ժամանէր նոյնքան խորհրդաւոր պայուսակ մը ձեռքին բաճկոնաւոր մարդ մը՝ գիւղին բժիշկը:
Այս բժիշկին խօսքը աւետարանի պատգամներուն համազօր եւ դատաւորի անբեկանելի որոշման չափ անդառնալի խօսք էր ու բոլորին կողմէ՝ ամենայն յարգանքի արժանի: Անիկա մահուան ու կեանքի միջեւ կանգնած իրաւարար էր, որուն հեղինակաւոր խօսքին վրայ կարելի չէր աւելցնել ոչ իսկ բառ մը: Բժիշկին հարցուած հարցումները միայն հաստատականներ կ՛ըլլային անոր հանգամանաւոր յայտարարութիւններուն մասին բացատրական խնդրող, համոզելու համար հիւանդը, հնազանդութեամբ ընդունելու դառն դեղաջուրերը, իր բուժման համար:
Գաւառային կեանքի այս յիշատակներուն անդրադարձ կատարելու ընթացքին, չենք մոռնար նաեւ անցեալ դարու մեր գրագէտներուն հեղինակած գրական գոհարները, որոնց միջոցաւ վիպականացուած էին ընտանեկան ու ընկերային կացութիւններ, երիտասարդութեան անբացատրելի «հիւանդութիւն»ներուն վերաբերող, որոնք մերժուած կամ անհասանելի սիրոյ արդիւնքը կ՛ըլլային ընդհանրապէս:
Դարձեալ վերոյիշեալ օրերէն կու գայ հիւանդ ձեւանալու «արուեստ»ը, որ սակայն ամբողջութեամբ կը տարբերի վերը նշուած իսկական օրինակներէն: Այս պարագային ձեւականութիւնը կամ աւելի մեղմացուած բառով մը՝ թատերականութիւնը ունի իր դրդապատճառները եւ մանաւանդ հետեւանքները, որոնք միշտ ալ տխուր կամ ցաւալի չեն դժբախտաբար:
Ներկայ ժամանակներուն հիւանդ ձեւանալու հասկացութիւնը կ՛առնչուի պատճառաբանութիւն եզրին հետ: Նոյնիսկ մեծ եւ յարգուած հաստատութիւններ յատկապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ, մարդկային իրաւանց օրէնքներու լոյսին տակ արձակուրդի օրերու ցանկին մէջ երեք օրեր կը վերապահեն հիւանդ ըլլալու պատճառաբանութեան: Հիմնարկութիւնը ինք կ՛արտօնէ, որ պաշտօնեան տարին երեք օր հիւանդ ըլլայ: Նման մաղթանք մը որեւէ մէկը պիտի չուզէր ընել ուրիշին, նոյնիսկ եթէ այդ անձը թշնամին ըլլար: Սակայն, միջազգային ըմբռնողութիւն մը վաղուց արդէն կազմաւորուած այս ուղղութեամբ՝ հետզհետէ կանոնական կարգավիճակ կը ստանայ:
Հին ժամանակներուն, երբ չկային այսպիսի քաղքենիացած օրինաչափեր, յատկապէս գաւառներու մէջ ապրող մարդիկ հիւանդի տեսք կու տային իրենք իրենց, որպէսզի այդ օր դաշտի տաժանելի աշխատանքէն փախչէին, մանաւանդ եթէ մասնաւոր անձնական գործ մը կամ «հանդիպում» մը կը սպասէր իրենց: Նման «իմաստուն» միջոցներ գաւառցի պատանիներ իրենց հետ բերին նաեւ քաղաքակրթուած միջավայր՝ կարծելով, թէ ոչ ոք կրնայ իմանալ իրենց ծրագիրին մութ գաղտնիքը կամ կրնայ կարդալ իրենց միտքը:
Կը պատմուի, որ գիշերօթիկ դպրոցի մէջ ուսանող գաւառցի աշակերտ մը ամէն անգամ, երբ դասերը պատրաստած չէր ըլլար, հիւանդ կը ձեւանար, օրուան գրաւոր քննութենէն խոյս տալու եւ իր վիճակացոյցը ցած նիշէ մը փրկելու համար: Իր դասընկերներուն վկայութեան համաձայն՝ ան ունէր յատուկ միջոց մը ընդհանուր հսկիչը համոզելու, թէ ինք բարձր ջերմէ կը տառապի այդ օր: Հերաչորացուցիչ ելեկտրական գործիքը անկողնին տակ պահելով, ան հազիւ զգար ընդհանուր հսկիչին ննջարաններու յարկը հասնիլը, շուտով իր ճակատին վրայ կը պահէր գործիքը, կարմրած դէմքով եւ մարմինի բարձր «ջերմութեամբ» դիմաւորելով զայն:
Սա միամիտ գաւառցիի անմեղ միջոցն էր իր պատասխանատուն եւ ուսուցիչները խաբելու: Գաւառէն եկած այս միամիտներէն բացի կան նաեւ աւելի խորամանկ տեսակները, որոնք իրենց այս ձեւական հիւանդութիւնը կը գործածեն իրենց մեծերը հաճեցնելու, անոնց գութը շարժելու, միշտ անոնցմէ օգտուելու դառնաղէտ հեռանկարով: Անոնք իրենց պատասխանատուներէն յաճախ կը սպասեն լսել «մեղք է» գնահատականը: Այսպիսիներ նոյնիսկ չեն ամչնար իրենց ներկայութեան լսել նման անպատուաբեր ու վարկաբեկիչ «գնահատանք», զոր գիտակից որեւէ մէկը պիտի չուզէր լսել, գէթ օտարներու դիմաց պահպանելու համար իր մարդկային արժանապատուութիւնը…:
Ողորմելի մարդոց կը խղճանք ընդհանրապէս անոնց բացակայութեան, որպէսզի իւրաքանչիւր մարդու մէջ գտնուող ինքնասիրութիւնը չվիրաւորուի: Ուրեմն, կրկնակի ողորմելի կրնանք յորջորջել այն թշուառականները, որոնք գնահատանք կը համարեն ուրիշներու առջեւ վարկաբեկուիլը, շահ ապահովելու յոյսով: Այս տեսակ մարդոց միտքին մէջ շահ բառը շա՜տ լայնածիր է. անիկա կրնայ բերնին համը փոխող քաղցրեղէն մը իբրեւ նուէր ստանալու նուազագոյնէն մինչեւ թագաւորին գահուն տիրանալու մեծագոյն ձգտումը ըլլալ: Դժբախտ այս «զեռունները» պատրաստ կ՛ըլլան նոյնիսկ ցորենի հասկի մը պլլուելով ճօճուելու, մեծերուն հաճելի ըլլալու երեխայական մտայնութեամբ: Փաստօրէն, գաւառցիի սնոտիապաշտ հոգեբանութիւնը իրենց հետ պիտի տանին ասոնք մինչեւ վերջ, այսինքն իրենց կեանքին մինչեւ վախճանը, զայն հասցնելու համար մահուան սեւ փոսը:
Դափնեկիր ըլլալու մարմաջը, քաղաքացիին ունեցուածքին հետ չափուելու տենչը միշտ առաջնահերթ մտահոգութիւններ են գաւառցիին համար, որ մինչեւ քաղաք հասնիլը, երկրագունդի սահմանները ճշդած էր իր գաւառի սահմաններուն համապատասխան չափերով: Սակայն քաղաք գալով, երբ կը տեսնէ աշխարհի ընդարձակութիւնը ու մանաւանդ քաղացացիին ապրած կեանքը, մինչեւ իսկ հիւծիլ պէտք ըլլայ՝ յանձն կ՛առնէ ձեւական հիւանդ ներկայանալով, գէթ շրջապատին գութը շարժելու իր ուղղութեամբ եւ հաւասարելու քաղաքացիի փարթամութեան:
Բարեկամ մը կը պատմէր, թէ կը ճանչնար ձեւականօրէն հիւանդանալու կարողութեամբ օժտուած գաւառցի մը, որ ընտանեկան խրախճանքի մը ընթացքին յանկարծ «հիւանդացած» էր, չկարենալով դիմանալ իրարու քով հաւաքուած եւ իրենց ամէնէն արդիական բջիջային հեռաձայններու գործունէական առաւելութիւնները իրարու ներկայացնող բարեկեցիկներու խանդավառ զրոյցին: Խօսակիցները ստիպուած՝ ընդհատելով իրենց զրոյցը հաւաքուեր էին «հիւանդ»ին շուրջ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ձեւով մը օգտակար դառնալով վերջնոյս ապաքինման…։ Ուրեմն այս ողորմելիները նաեւ «կը հիւանդանան» իրենց վրայ հրաւիրելու համար ուրախ ու բաւարարուած մարդոց ուշադրութիւնը: Նախանձը վտանագաւոր գործօններէն մէկն է հիւանդ ձեւանալու «արուեստ»ին տիրապետած մարդուն մէջ, որովհետեւ գաւառցին իր գաւառէն դուրս գալէն ետք, կեանքին մեծ մասը իր անձը եւ ստացուածքը ուրիշներու եւ անոնց ունեցածին հետ բաղդատելով կը սպառէ:
Հիւանդ ձեւանալու «արուեստ»ին տիրապետած թշուառականները յաճախ նաեւ յաջողութիւններու կը հասնին, իրենց այս «մասնագիտութիւն»ը կիրարկելով բարձրունք կը նուաճեն, ուր բնաւ պիտի չհասնէին եթէ չունենային այս կարողութիւնը, սակայն միշտ ալ կը մնան նոյն տգէտ ու անդաստիարակ գաւառցին: