ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ դարձեալ ազդարարեց Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ռազմական գործողութիւններու սկսիլ քրտական ուժերուն դէմ։
«Գիշեր մը յանկարծակի պիտի գանք», ազդարարեց փոխնախագահը, եթէ քրտական ուժերը դիւանագիտական միջոցներով չհեռանան հիւսիսային Սուրիոյ կարգ մը շրջաններէն։
«Պիտի չարտօնենք, որ Թուրքիոյ սահմաններուն ապահովութիւնը սպառնալիքի տակ մնայ», աւելցուց Օքթայ:
Թուրքիա արդէն իսկ քանի մը անգամ Սուրիոյ քրտական ուժերուն դէմ ցամաքային գործողութիւններ իրականացուցած է եւ ուժեր կը պահէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ։