ՍԱՀՄԱՆՈՒԱԾ ՊԱՏԻԺԸ ՇԱՏ ՄԵՂՄ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ինտիփենտընթ».- 7 Մարտին արձակուած անակնկալ վճիռով մը, դաշնակցային դատաւոր Թ.Ս. Էլիըթ միայն 47 ամսուան բանտարկութեան դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրապայքարի ղեկավար Փօլ Մենըֆորթը, որ ընդունած էր իր դէմ կատարուած ամբաստանութիւններէն երկուքը՝ խոստանալով գործակցիլ արդարադատութեան նախարարութեան հետ, Ռուսիոյ եւ Թրամփի ընտրապայքարին միջեւ սկսած հետաքննութեան ծիրին մէջ:
Դատաւորը նաեւ 25 միլիոն տոլար տուգանք սահմանեց անոր դէմ։
Յիշեցնենք, որ անցեալ 21 Օգոստոսին, Վըրճինիայի ատեան մը մեղաւոր համարած էր Մենըֆորթը, որ կ՛ամբաստանուի տուրքերէ խուսափելու նպատակով շարք մը ապօրինի արարքներու դիմելու յանցանքով: 69ամեայ խորհրդականը կրնար 19-24 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ, յատկապէս որովհետեւ համագործակցելու որոշումէն ետք եւս ան սուտ խօսած էր դատախազութեան։
Նշենք, որ օտար քաղաքական գործիչներու համար կատարած իր քարոզչական աշխատանքները եւ անոնց փոխարէն ստացած հատուցումները ծածկելու գծով անոր դէմ սկսած հետապնդումին անջատ հետապնդում մը կը կատարուէր, որ դատախազութեան հետ գործակցելու իր համաձայնութեան շնորհիւ պիտի կասեցուէր «համագործակցութեան աւարտին»: Սակայն, նկատի ունենալով, որ Մենըֆորթ սուտ խօսելով՝ գործնականապէս կասեցուցած էր համագործակցութիւնը, այդ դատը կը շարունակուի եւ անոր գծով ան կրնայ մինչեւ 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ։
Մենըֆորթ շահած եւ պետութեան չէր բացայայտած մօտաւորապէս 60 միլիոն տոլար գումար մը, զոր ան ստացած էր յատկապէս Ուքրանիոյ ռուսամէտ քաղաքական գործիչներէն, ներառեալ՝ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչէն:
Հակառակ անոր, որ հանրապետական նախագահ Ռանըլտ Ռեկընի կողմէ նշանակուած այս դատաւորէն նման մեղմ պատիժի մը սահմանումը ակնկալելի նկատուած էր արդարադատութեան մարզի որոշ մասնագէտներու կողմէ, վճիռը խստօրէն դատապարտուեցաւ իրաւաբաններու եւ օրէնսդիրներու կողմէ։
Արդարեւ, քոնկրեսական Ալեքսանտրիա Օքասիօ Քորթեզ յայտարարեց, թէ վճիռը դարձեալ լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն աղաղակող անհաւասարութիւնը, որ գոյութիւն ունի երկրին արդարդատութեան համակարգին մէջ՝ աւելցնելով, որ անիկա ցոյց կու տայ, որ «արդարութիւնը ոչ թէ կոյր է, այլ զայն կարելի է գնել»։
Դեմոկրատ ծերակուտական Էլիզապեթ Ուորըն, իր կարգին աւելցուց. «Թրամփի ընտրապայքարի ղեկավար Փօլ Մենըֆորթ դրամատնային եւ տուրքերէ խուսափելու ոճիրներ կը կատարէ եւ 47 ամսուան բանտարկութեան կը դատապարտուի, մինչ անտունի մը՝ Ֆէյթ Ուինսլօ անունով, 20 տոլար արժող թմրեցուցիչ ծախելու գործարքին օգնելուն համար ցմահ բանտարկութեան կը դատապարտուի։ Գերագոյն ատեանին շէնքին վրայ գրուած է՝ «Օրէնքին ներքեւ հաւասար արդարութիւն»։ Ե՞րբ պիտի սկսինք զայն գործադրելու»։
Յիշեցնենք, որ Թրամփի երկար տարիներու անձնական փաստաբան եւ անոր խնդրայարոյց արարքները «մաքրագործող» Մայքըլ Քոհըն արդէն իսկ երեք տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է շարք մը ապօրինի արարքներ կատարելուն համար։