– Հակառակ այն իրողութեան, որ Փետրուար ամսուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ անգործութեան համեմատութիւնը 3.8 տոկոսի իջած է, այդ ամսուան ընթացքին ակնկալուող 180,000 նոր աշխատատեղիներուն փոխարէն, տնտեսութիւնը գոյացուցած է միայն 20,000 նոր աշխատատեղ։
– Հակադարձելով ամերիկեան նորագոյն սպառնալիքներուն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, թէ իր երկիրը երբեք պիտի չհրաժարի ռուսական «Էս. 400» հրթիռային համակարգեր գնելու իր որոշումէն՝ աւելցնելով. «Ապագային հաւանաբար պիտի սերտենք «Էս.500» հրթիռային համակարգը ձեռք ձգելու կարելիութիւնը: Միացեալ Նահանգները պէտք չէ փորձէ Թուրքիան կրթել առեւտրական քայլերու միջոցով»: Ուաշինկթընը զգուշացուցած էր Անգարան, որ եթէ ձեռք բերէ ռուսական այդ համակարգերը, Թուրքիա կրնայ չստանալ ամերիկեան «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերը։
– Ռուսիոյ փոխնախագահ Միխայիլ Պոկտանով նշեց, թէ Սուրիոյ նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի մօտ դրական փոփոխութիւն կայ, յատկապէս դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու գծով, այդ մէկը կապելով «գետնի վրայ արձանագրուող զինուորական եւ քաղաքական զարգացումներուն»: