Լոնտոնէն Նորա Ոսպիկեան կը տեղեկացնէ, թէ 2 Մարտին, Բրիտանիոյ հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Անկլիքան եկեղեցւոյ կեդրոնը հանդիսացող Քենթըրպըրիի տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող-խաչքարին օրհնութեան արարողութեան։
Երկու մեթր բարձրութեամբ խաչքարը նաեւ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հայութեան մարդասիրական յատկանշական օժանդակութիւն ցուցաբերած Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռենտըլ Տէյվիտսընի յիշատակին եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին։
Այս նախաձեռնութեան իրականցաման աջակցած են Ճան Միրտըն, Վարդան Մոսկոսֆեան, Լոնտոնի ՀԲԸՄը եւ շարք մը այլ անձնաւորութիւններ։
Խաչքարին վրայ կայ քրիստոնէութիւնը՝ իբրեւ Հայաստանի պետական կրօնք ընդունելու թուականը Յ.Ա. (301) եւ Դանիէլ Վարուժանի «Լոյսը» բանաստեղծութենէն հայերէնով հետեւեալ տողը. «Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին»։
Այս առիթով, Քենթըրպըրիի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը՝ առաջնորդութեամբ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի, իսկ օրհնութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Բրիտանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանի առաջնորդութեամբ։
Արարողութեանց ներկայ եղաւ նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արման Կիրակոսեան։