Միջդպրոցական Արտասանական Տարեկան Մրցում
Արդէն տարիներէ ի վեր աւանդական սովորութեան վերածուած է Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի կազմակերպած միջդպրոցական տարեկան ասմունքի մրցումը: Խնամակալ մարմինը այս մրցումին համար կը հրաւիրէ բոլոր հայկական վարժարանները առանց բացառութեան՝ մասնակցելու:
Դպրոց, աշակերտ եւ ծնողք անհամբերութեամբ կը սպասեն այս գեղեցիկ ու շահեկան մրցումին. մրցում մը, որուն մասնակցողները, կազմակերպողները ու ներկաները յաղթական են, բայց ամէնէն աւելի յաղթական է հայ բանաստեղծութիւնը: Մասնակցողները խանդավառութեամբ կ՛ասմունքեն, իսկ ունկնդրողները սիրով ու հաճոյքով կը վայելեն ներկայացուած իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւն։
Աշակերտական տարիները հայ գրականութեան եւ մշակոյթին մօտէն ծանօթանալու ու անով աւելի հետաքրքրուելու լաւագոյն առիթն են մեզի համար: Այս իմաստով. Խնամակալ մարմինին կազմակերպած Ասմունքի մրցումը կեանքի կոչուեցաւ՝ տարածելու համար հայ բանաստեղծական գոհարները մեր աշակերտներուն յիշողութեան գեղանկարին վրայ: Անոնց ներգործութիւնը ապրեցնելու, անոնցմով հասուննալու եւ անոնցմով ներշնչուելու առիթ ընծայելու լաւագոյն միջոցն է այս հաւաքական միջդպրոցական մրցումը:
Նկատի ունենալով արտադասարանային աշխատանքներու կարեւոր դերը եւ անջնջելի տպաւորութիւնը, կը հաստատենք ու կը հաւատանք, թէ այս մրցումներուն թելադրած պատգամը ընդմիշտ կը ճառագայթէ աշակերտներուն ազգային կեանքի հորիզոնին վրայ:
Այս իմաստով, ամէն տարի յատուկ նիւթ մը կ՛ընտրուի Խնամակալ մարմինին կողմէ եւ վարժարանները ըստ այնմ կը պատրաստեն իրենց աշակերտները ու կ՛ընտրեն պատշաճ կտորներ հայ գրականութենէն:
Վարժարանին մէջ կը կատարուին զտումները, ապա իւրաքանչիւր վարժարան իր լաւագոյն ներկայացուցիչները կ՛ուղարկէ ասմունքի տարեկան մրցումին: Մրցումը կը կատարուի հանրային ելոյթի մը ընթացքին:
Այս տարուան ասմունքի նիւթերն են՝ Մարդկային Արժանիքներ՝ ինչպէս յարգանք, արդարութիւն, ընկերասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն: Այս տարի բացառապէս մրցումին կը մասնակցին նաեւ ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտները: Աշակերտները կը մրցին տարիքային բաժանումներով եւ իւրաքանչիւր տարիքային խմբակ ելոյթ կ՛ունենայ տարբեր ժամու, հանրութեան ու դատակազմի ներկայութեան: Արդիւնքները կը յայտարարուին քանի մը շաբաթ ետք։ Դատակազմը իր արդիւնքները կը յանձնէ Խնամակալ մարմինին, որ իր կարգին կը հաղորդէ արդիւնքը դպրոցներուն՝ գրաւոր կերպով ու ընդհանուր հանդիսութեամբ մը կը գնահատէ բոլոր մասնակիցները եւ կը պարգեւատրէ յաղթողները:
Այս տարուան Ասմունքի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 16 Մարտ, 2019ին, Շամլեան Ազգային վարժարանին մէջ: Մրցումը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ կեսօրէն ետք ժամը 3, տարիքային ու դասարանային տարբեր բաժանումներով:
Իբրեւ դատակազմ՝ Խնամակալ մարմինը կը հրաւիրէ անաչառ մասնագէտներ, ինչպէս՝ գաղութի նշանաւոր ասմունքողներ, մասնագէտ դերասաններ կամ պատկերասփիւռի ընկերութիւններու հաղորդավարներ: Բոլորն ալ սիրայօժար կերպով իրենց ժամանակը կը տրամադրեն, ապա կը գնահատեն ասմունքողները՝ համապատասխան նիշերով: Քանի մը շաբաթ ետք արդիւնքները կը յայտարարուին եւ աշակերտները կը հրաւիրուին գնահատուելու հանրային ձեռնարկի մը ընթացքին:
Յոյսով ենք, որ այս տարի եւս կարելիութիւնը կ՛ունենանք հայ բանաստեղծութեան արժեւորումը կատարելու՝ մեր նոր սերունդի պայծառ միտքերուն եւ խոստմնալից կատարումներուն ընդմէջէն:
ԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ
Խնամակալ մարմինի հետաքրքրական եւ կարեւոր ծրագիրներէն մէկն է՝ հայ աւանդութիւններու պահպանման նորարարական ծրագիրը, որուն գործնական նախաքայլեր արդէն առնուած են շուտով անիկա պիտի ամբողջանայ:
Ծրագիրը կ՛իրականանայ Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան հետ գործակցաբար, իսկ ծրագիրին մասնագիտական աշխատանքները վստահուած են Հայաստանի ԹՈՒՄՕ նորարարական կեդրոնին:
Այսպէս, մեր ազգային աւանդական տօներուն մասին պիտի պատրաստուին համակարգչային հաճելի եւ հետաքրքրական խաղեր եւ ծրագիրներ, որոնք պիտի տրամադրուին մեր աշակերտներուն, որպէսզի անոնք անմիջական, շօշափելի եւ տպաւորիչ ազդեցութիւն ունենան անոնց առօրեային վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, մեր աշակերտութեան առօրեան միայն հայկականը չէ: Մեծ բաժին ունի ամերիկահայ երիտասարդի էութեան մէջ նաեւ ամերիկեան մշակոյթը, որուն հարազատ ներկայացուցիչն է նաեւ մեր աշակերտը:
Այսպիսով, հայկական աւանդական աղ ու հացի սովորութիւնը, հարսանեկան աւանդութիւնները, Բարեկենդանի կամ Տեառնընդառաջի կրակ վառելու հայկական հեթանոսական ժողովրդական աւանդութիւնը եւ անոր կամրջումը հայ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ, Վարդավառի Տօնին ջուր ցանելու՝ Աստղիկ չաստուածուհիին վերաբերող աւանդութիւնը կամ ազգային այլ տօներու բազմաթիւ աւանդական սովորութիւնները, որոնք կը բնութագրեն հայ մարդը:
Այս իմաստով, ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտարարել, թէ Բարեկենդանի նիւթով որոշուած ծրագիրը արդէն պատրաստ է ու շուտով պիտի յանձնուի մեր վարժարաններուն ու աշակերտութեան:
Խնամակալ մարմինը կը հաւատայ, որ հայ մարդը կրնայ պահել իր ազգային ինքնութիւնը օտար ափերուն, երբ ինք գիտակաից է իր ազգային բնորոշիչ աւանդութիւններուն եւ կը պահպանէ զանոնք:
Առ այդ, այս միջոցը կ՛իրականացնենք ազգային բարձր գիտակցութեան տեսլականով:
ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ
ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ
ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ
Ինչպէս նախապէս մամուլով յայտարարած էինք, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի նախաձեռնութեամբ՝ կը պատրաստուին հայ գրականութեան ելեկտրոնային դասագիրքեր մեր երկրորդականի դասարաններուն համար:
Այժմ մեծ ուրախութեամբ կը հաստատենք, թէ այս տարեշրջանին արդէն փորձառական շրջանառութեան մէջ դրուած է յիշեալ աշխատասիրութիւնը եւ տրամադրուած է մեր երկրորդական վարժարաններուն:
Լիայոյս ենք, որ յաջորդ տարեշրջանին, յիշեալ ծրագիրը ամբողջութեամբ պատրաստ կ՛ըլլայ գործածութեան, որպէսզի զայն որդեգրեն մեր երկրորդական վարժարանները՝ իբրեւ հայ գրականութեան դասագիրք:
Կը հաւատանք, որ նորարական միջոցներու օգտագործումը լաւագոյնս պիտի ծառայէ մեր աշակերտութեան կարիքներուն եւ պիտի նպաստէ նորանոր յաջողութիւններու ձեռքբերման: