Հեղինակաւոր «Ֆորպզ» (Forbes) թերթի 5 Մարտին հրապարակած աշխարհի ամենահարուստ անձերու ցանկին վրայ կան նաեւ հայ միլիառատէրներ:
3 միլիառ 700 միլիոն տոլար կարողութեամբ ռուսիաբնակ գործարար, «Տաշիր» ընկերութեան սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան ցանկին վրայ 568րդն է:
Ռուսիոյ մեծագոյն «Մագնիտ» խանութներու ցանցի հիմնադիր Սերգէյ Գալիցկի-Յարութիւնեան կը գրաւէ 617րդ տեղը՝ 3.5 միլիառ տոլար կարողութեամբ:
Այս ցանկին վրայ, երրորդ ամէնէն հարուստ հայը Արժանթին տեղափոխուած գաղթականներու զաւակ Էտուարտօ Էռնեկեանն է. անոր կարողութիւնը գնահատուած է 1 միլիառ 600 միլիոն տոլարով:
Ամերիկեան «Ալեքս եւ Անի» ընկերութեան հիմնադիր Քերոլին Ռաֆայէլեանի կարողութիւնը, ըստ «Ֆորպզ»ի, 1 միլիառ տոլար է: