«Արաս» հրատարակչատունը դարձեալ թրքերէնով լոյս ընծայեց Զաւէն Պիպեռեանի այլեւս նշանաւոր դարձած «Մրջիւններու Վերջալոյսը» վէպին թրքերէն նոր թարգմանութիւնը։
«Թարգմանութիւնը կատարուած է Սիրվարդ Մալխասեանի կողմէ։ 525 էջնոց այս նոր հատորը անգամ մը եւս կը պանծացնէ յիշատակը Զաւէն Պիպեռեանի, որ մօտիկ անցեալին ամէնէն ցնցիչ ու հեղինակաւոր գրողներէն մէկն էր, ընկերվարական գաղափարներով յայտնուող մտաւորական, որ գրեց պատմուածքներ ու վէպեր եւ որուն բախտը անոր մահէն ետք ժպտեցաւ, քանի որ Պիպեռեանի մահէն շատ վերջ է, որ անոր գլխաւոր գործերը թարգմանուեցան ֆրանսերէնի ու թրքերէնի ու հասան ընթերցողներու աւելի լայն զանգուածի մը։ «Մրջիւններու Վերջալոյսը» վէպը կը պատմէ այն մարդոց մասին, որոնք հանգիստ են, որոնք սակայն վարժուած չեն այսքան հանգիստի ու տեւաբար կ՛ապրին մօտալուտ աղէտի մը մասին մտածելով, վախնալով որ աղէտ մը վերջ պիտի տայ իրենց հանգիստին։ Կը շահին, հանգիստ կ՛ապրին, բայց կարծես կը գտնուին նաւու մը մէջ, որ ընկղմելու վրայ է։ Անոնք հիմա աւելի շատ կը վախնան քան տասը տարի առաջ։ Աղէտը կարծես անոնց կեանքին մէկ մասնիկն է», կը գրէ «Մարմարա» օրաթերթը։