24 Փետրուար 24ին, Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագէն ետք, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան բրիտանահայ համայնքին ներկայացուց Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Արման Կիրակոսեանը:
Ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ դեսպանը նշեց, թէ համայնքի հայութեան ծանօթ է արդէն 1990էն ի վեր, երբ Լոնտոնի կեդրոնին մէջ մասնակցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 75րդ տարելիցին նուիրուած բազմամարդ երթին եւ հրապարակային ելոյթ ունեցած էր: Ապա, 1992ին՝ իբրեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Լոնտոնի մէջ ներկայ գտնուած էր Եւրոպայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպանութեան բացման արարողութեան:
Դեսպանը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ծառայած Հայաստանի նախկին դեսպաններու ծաւալուն աշխատանքին՝ ընդգծելով, որ ինք նոյնպէս ջանք պիտի չխնայէ Հայաստան-Մեծն Բրիտանիա յարաբերութիւնները խորացնելու եւ ընդլայնելու համար, այդ գործընթացին մէջ շեշտը դնելով նաեւ հայ համայնքին ու հայկական տարբեր կառոյցներու դերին վրայ:
Արման Կիրակոսեան յայտնեց, որ Հայաստանի դեսպանութիւնը բաց պիտի ըլլայ համայնքային կառոյցներուն առջեւ:
Նոյն օրը Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ դեսպանը մասնակցեցաւ սումգայիթեան ջարդերու 31րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութեան, զոր կազմակերպած էր քաղաքի Հայկական ազգային յանձնախումբը:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Սումկայիթ. Սովորական Ցեղասպանութիւն» վաւերագրական ժապաւէնը:
Դեսպան Կիրակոսեան իր ելոյթին ընթացքին նշեց, թէ մինչ օրս Սումգայիթի մէջ կատարուած ոճրագործութիւնը համարժէք քաղաքական գնահատականի չէ արժանացած եւ հայութեան ջանքերը պէտք է ուղղուած ըլլան այդ ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը Միացեալ Թագաւորութեան քաղաքական եւ հասարակական լայն շրջանակներուն հասցնելու գործին: Այդ առումով դեսպանին կողմէ ընդգծուեցաւ համայնքի կառոյցներուն եւ դեսպանութեան միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»