Թ. Շ.
Երկուշաբթի, 25 Փետրուարի երեկոյեան, Փարիզի Ս. Յովհ.-Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ կից գտնուող «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քանի մը տարիէ ի վեր աւանդութիւն դարձած Մանուշեանի խումբի ոգեկոչման հայ-հրէական տարեկան ձեռնարկը, զոր կազմակերպած էին Հայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ընկերակցութիւնը (ANACRA) եւ Բանակներու հրէական քահանայութիւնը (AIA-Aumonerie israelite des Armees):
Այս տարուան հանդիսութիւնը բացառիկ երանգ մը ունէր՝ քանի մը հանգամանքներով: Նախ, որովհետեւ «կարմիր որմազդ»ի հերոսներու գնդակահարման 75րդ տարելիցն էր, ապա նաեւ առաջին անգամն էր, որ կը զրկուէր Արսէն Չաքարեանի ներկայութենէն: Եւ ասոնց վրայ կու գար աւելնալու ֆրանսական ներքաղաքական լարուած իրադրութիւնը՝ վերջին օրերու իրերայաջորդ հակասեմական արարքներով:
Ներկայ էին շուրջ հարիւր անձեր, որոնց շարքին՝ թեմակալ առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեան, Ֆրանսայի ռաբունապետ Հայիմ Քորսիա, վեր. Ռընէ Լեւոնեան, Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի ներկայացուցիչը, դեսպանատան Ա. քարտուղար Լեւոն Ամիրջանեան, ANACRA-ի նախագահ Անթուան Պաղտիկեան, Ֆրանսայի հրէական հիմնարկութեանց ներկայացուցչական խորհուրդի՝ CRIF-ի նախագահ Ֆրանսիս Քալիֆա, CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեան, Սերժ եւ Պէաթ Քլարսֆելտ, Փարիզ 8րդի թաղապետուհի Ժանն Հոթսեռ, կիպրական համայնքի նախագահ Էւակորաս Մաւրոմաթիս…
Իր ելոյթին մէջ, Անթուան Պաղտիկեան, դատապարտելէ ետք հակասեմական արարքները՝ խօսեցաւ այդ օտարականներուն՝ Մանուշեանի խումբի անդամներուն (որոնց մէջ՝ բազմաթիւ հրեաներ) բացառիկ անձնուիրութեան մասին: Այս տարի առաւելաբար ծանրացաւ Մելինէ Մանուշեանի տիպարին վրայ՝ նշելով, որ ան պարզապէս դիմադրականներու այդ կազմակերպութեան ղեկավարին կինը չէր, այլ՝ անհամար վտանգաւոր եւ պատասխանատու առաքելութիւններ իրագործողը:
Հայիմ Քորսիա իր ելոյթին մէջ գովքը հիւսեց հայ-հրէական զօրակցութեան: Ան եւս անդրադարձաւ վերջին օրերու մտահոգիչ դէպքերուն, ապա ընդգծեց վկայելու եւ յանձնառու ըլլալու կարեւորութիւնը: Ան շեշտը դրաւ հայոց եւ հրեաներու՝ իրենց հասարակաց հայրենիք Ֆրանսայի նուիրումին վրայ:
Հուսկ, խօսք առաւ Լեւոն Ամիրջանեան, որ, իր կարգին ոգեկոչեց յիշատակը Մանուշեանի եւ անոր ընկերներուն, ինչպէս նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերու ցեղասպանութեանց զոհերուն: Դեսպանատան քարտուղարը նշեց, որ Հայաստանի մէջ կրթական բազմաթիւ հաստատութիւններ կը կրեն Միսաք Մանուշեանի անունը եւ ինք իր մանկութեան օրերուն յաճախած է անոնցմէ մէկը:
Արարողութեան աւարտին հնչեցին երգեր, հայերէն եւ եբրայերէն աղօթքներ։ Երեկոյթը եզրափակուեցաւ միասնաբար երգուած եւ սրահը թնդացնող «Մարսէյէզ»ով: