ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) նոր մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ալեքսանդր Սարգսեանին վերաբերող քրէական գործին եւ անոր կողմէ պետական պիւտճէ փոխանցուած գումարներուն վերաբերեալ:
Հայաստանի ԱԱԾ մամլոյ կեդրոնը, պատասխանելով «Ազատութիւն» կայանի գրաւոր հարցումին՝ յայտնեց. «Ալեքսանդր Սարգսեան ԱԱԾ քննչական բաժանմունքի քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին «հարկային ստուգումների արդիւնքում առաջացած հարկային պարտաւորութիւնների կատարման նպատակով մինչ օրս ՀՀ պետական բիւջէ է փոխանցել 3,165,448,706 ՀՀ դրամ, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար սպառազինութիւն ձեռք բերելու նպատակով իր նախաձեռնութեամբ նուիրաբերել է 19,600,000 ԱՄՆ դոլար գումար։ Թիւ 58213018 քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքում Ալեքսանդր Ազատի Սարգսեանին մեղադրանք է առաջադրուել ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 178րդ յօդուածի 3րդ մասի 1ին կէտով (խարդախութիւնը, որը կատարուել է առանձնապէս խոշոր չափերով), եւ որպէս խափանման միջոց ընտրուել է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը»:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ տակաւին կալանքի տակ կը պահուի Ալեքսանդր Սարգսեանի դրամատնային հաշիւին մէջ գտնուող 3 միլիոն 855 հազար 760 տոլարի համարժէք 1 միլիառ 873 միլիոն 899 հազար 360 դրամ գումարը, եւ յառաջիկային կը նախատեսուի կալանքի տակ պահուող այդ գումարը նոյնպէս ուղղել հարկային պարտաւորութիւններու կատարման: «Փոխանցումները կատարուել են բանկային եղանակով», կը յայտնէ ԱԱԾն: