ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա 28 Փետրուարին յայտարարեց, թէ Մոսկուա նշանակալի եւ վճռական ջանքերու կը դիմէ՝ աջակցելու համար Արցախի հակամարտութեան կողմերուն, որպէսզի անոնք գտնեն կարգաւորման ուղիները:
«Ղարաբաղեան արիւնալի հակամարտութիւնը բազմաթիւ զոհեր պատճառած է: Ռուսիա այս իողութիւնը միշտ համարած է եւ կը շարունակէ համարել մեծ ողբերգութիւն: Աջակցելով կողմերուն՝ մեր երկիրը ջանքեր կը գործադրէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիներ գտնելու համար: Տարածաշրջանին մէջ մեր քաղաքականութեան գործունէութեան ծիրին մէջ յետագային եւս առաջնահերթ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք այս հարցին», յայտնեց Զախարովա: