ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է ընդունելու 2019-2020 տարեշրջանին համար Ուոլթըր եւ Լորըլ Քարապեաններու անուան վարժողական ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողներուն դիմումնագիրները, որոնք պէտք է ամբողջացած ըլլան մինչեւ 15 Մայիս։
Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ իրականացուող այս ծրագիրը կ՛երկարի 9 ամիսներու վրայ, առիթ ընծայելով ամերիկահայ երիտասարդ գործիչներու, որ հարստացնեն իրենց ղեկավարման արհեստավարժ ձիրքերը։
Ծրագիրին առաջին հանգրուանին (Սեպտեմբերէն Դեկտեմբեր 2019) ծրագիրին մասնակցելու իրաւունք ստացողը ջատագովման կազմակերպութեան մը, աշխատաւորական միութեան մը կամ վերլուծական կեդրոնի մը մէջ պիտի աշխատի, իսկ Յունուարէն Մայիս 2020ին՝ նահանգային օրէնսդիր մարմինի անդամներէն մէկուն գրասենեակին մէջ։ Նաեւ, ամբողջ տարուան ընթացքին, ենթական պէտք է մասնակցի տարբեր միջոցառումներու եւ շաբաթական սեմինարներու, զարգացնելով իր մասնագիտական գիտելիքները եւ կապեր ստեղծելու հմտութիւնները։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ դիմելու համար՝ այցելել
www.ancawr.org/fellowship կայքէջը: