ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին 26 եւ 28 Փետրուարին, յաջորդաբար պիտի նշէ մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան ամէնէն նուիրական ու յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօները։
Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով, Երեքշաբթի, 26 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն։ Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան։ Ապա, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, տեղի պիտի ունենայ տօնին նուիրուած հոգեւորականաց միօրեայ համագումարը։
Իսկ Հինգշաբթի 28 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7ին, Ս. Վարդանանց տօնին առիթով, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ առաջնորդին եւ մասնակցութեամբ թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեան։ Եկեղեցական արարողութիւններուն աւարտին, պիտի երգուին Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած հայրենասիրական երգեր։
«Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու զոյգ տօներու արարողութեանց, հաղորդակից ըլլալու Աւարայրի ճակատամարտէն մեզի հասած անժամանցելի պատգամներուն եւ վերանորոգելու Ս. Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց նահատակութեամբ ամրագրուած ուխտը», նշուած է առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։