ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան 15 Փետրուարին ներկայ եղաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին ծերակուտական Սքաթ Ուիլք պաշտօնապէս ներկայացուց գլխաւոր հիւպատոսը՝ ծանօթացնելով անոր կենսագրութեան ու անցած դիւանագիտական ճանապարհին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ուիլք մանրամասնօրէն ներկայացուց Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, բարեկամական կապերու ընդգրկուն շրջանակը եւ գործակցութիւնը խորացնելու հեռանկարները:
Ջերմ ընդունելութեան ընթացքին Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամները պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու Քալիֆորնիա-Հայաստան կապերու խորացման միտուած շփումները եւ գործնական քայլերը:
Նշենք, որ Բայբուրդեան անցեալ շաբաթ մասնակցած էր Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակը վերաբանալու նպատակով Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 302 բանաձեւին յանձնման արարողութեան։ Բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուատական Էնթընի Փորթանթինոյի կողմէ, իսկ անոր համահեղինակն է ծերակուտական Սքաթ Ուիլք։