ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի «Սալբի Հացպանեան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը անցուց խանդավառ պահեր, երբ Փետրուար 16ին վարժարան այցելեց հայազգի նշանաւոր լեռնագնաց եւ վազորդ Արա Խաչատուրեան:
Ան աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթները նուաճած է եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Էվերեսթի վրայ պարզած է եռագոյն դրօշը եւ իբրեւ քրիստոնեայ՝ զետեղած է Աստուածաշունչը: Իսկ 2018ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանցնելու համար, Մարսէյ քաղաքէն, 11 երկիրներ անցնելով՝ առաւել քան 3.5 ամիս վազելով՝ հասաւ Երեւան:
Խաչատուրեան աշակերտներուն խօսեցաւ դժուարութիւնները կամքով եւ յարատեւ աշխատանքով յաղթահարելու կարեւորութեան մասին:
Ֆրանսահայ մարզիկը մանրամասնօրէն պատմեց իր լեռնագնացութիւններու արկածախնդրութիւններուն մասին՝ ցուցադրելով շատ հետաքրքրական երկու տեսերիզներ:
Աշակերտները մեծ խանդավառութիւն ցուցաբերեցին իրեն հանդէպ եւ բազմաթիւ հարցումներով հանդէս եկան: Խաչատուրեան իր հաղորդական ոճով բոլոր հարցումներուն պատասխանեց։ Անոր ելոյթէն ետք ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Ժարմէն Միրզախանեան վարչութեան եւ վարժարանին կողմէ անոր նուիրեց յատուկ ՀՕՄի համար Մայքըլ Արամի ձեռամբ պատրաստուած յուշանուէր մը:
Արա Խաչատուրեան Լոս Անճելըս հրաւիրուած էր ՀԲԸՄի կողմէ:
Ան այցելեց զանազան դպրոցներ եւ կեդրոններ՝ ներշնչելով կամք, կորով, աշխատասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն: