ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Յովհաննէս Թումանեան.
Պարզ եւ սակայն մեզի մեծ ժառանգ ինկած հարուստ անուն մը: Նոյնքան մեծ բանաստեղծ մը, որ փոքր տարիքէս իր հաճելի տողերով ներգրաւածէր միտքս ու հոգիս: Մէկ խօսքով, մեր բոլորին կողմէ սիրելի ու մանաւանդ փնտռուած հայ բանաստեղծ մը, որուն գրած բանաստեղծութիւնները օրին արագ ու մեծ հաճոյքով կը սորվէի եւ ամէն առիթով ալ՝ ընտանեկան մեր հաւաքներուն համարձակ եւ հպարտ կ՛արտասանէի:
Տակաւին նաեւ աւելցնեմ, որ իր քիչ մը խիտ եւ կամ միայն կզակը ծածկող իր մօրուքով եւ միշտ դէպի վեր դարձած եւ սրածայր իր պեխով, իր գաւազանով ու վայլելուչ գլխարկով, ոտքի կեցած, կամ ալ կողմնակի առնուած նկարներուն արդէն ծանօթ էի: Գոց գիտէի: Հեռուէն կը ճանչնայի: Նկարներ, որոնք այդ օրերուն մեզի, իբրեւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուս, կու գային «Շողական» եւ ապա ալ «Հայկարան» դասագիրքերու էջերէն:
Ապա յետոյ, երբ սկսած էի կամաց-կամաց աւելի մօտէն ծանօթանալ ու մեր գրականութեան եւ յատկապէս Թումանեանի գրիչէն ծորած «Սասունցի Դաւիթ»ին եւ «Շունն ու Կատուն»էն ետք «Անուշ»ին եւ միւսներուն: Ինծի համար այս բոլորը այլեւս դարձած էին մէկական գեղեցիկ արժէքներ, իրենց անսահման հոգեկանութեամբ եւ հարուստ պատկերներու գրաւչութեամբ, իրենց ազգային ոճով, դէմքերու եւ դէպքերու իրապաշտ ներկայութեամբ, ազգապաշտական գաղափարներով եւ տոհմիկ գոյներով յագեցած:
Ահա իմ ճանչցած Յովհաննէս Թումանեանը, որուն՝ այս տարի ծննդեան 150ամեակն է:
Կարծեմ, մինչեւ հոս, որոշ չափով կրցած եմ ներկայացնել Յովհաննէս Թումանեանը, ինքզինք յանդուգն կերպով «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ» հռչակած հայ բանաստեղծը:
Հայրենի Լոռիի դալարագեղ լեռներուն մէջ ծնած, գիւղացի համեստ տէր հօր մը զաւակը եւ ապա բազմազաւակ հայր այս հանճարը, ապրած եւ ստեղծագործած էր իր ժողովուրդին հետ, աշխարհի ամէնէն նկարչական բնութեան մէկ անկիւնը, ուր եւ իր գրիչին հոսքին տակ նաեւ բիւրեղացած էին իր բոլոր զգացումները եւ որ զանոնք իր ինքնատիպ քնարին լարերուն վրայ նուագած էր այնքան հրաշալի եւ իրապաշտ:
Ու հպարտօրէն պէտք է աւելցնել, որ չորս կարճ տասնամեակներու վրայ երկարող իր ստեղծագործ մտքին, լեզուին ու գրիչին շնորհիւ արեւելահայ մեր բարբառը գեղեցկացած էր եւ միեւնոյն ատեն դարձած ճկուն: Իբրեւ մեր գրականութեան պատմութեան մէջ ամէնէն սիրուած դէմք, Թումանեան նաեւ վայելած էր ժողովրդական, հայրենասէր եւ ազգին ցաւերով մտահոգ ե՛ւ հնարամիտ ե՛ւ խաղաղասէր ե՛ւ ստեղծագործ գրող-բանաստեղծի համբաւն ալ:
Վերջապէս Ան մէկն էր այն քիչերէն, որ իր բարի եւ անուշ նկարագրով, հաղորդական տողերով, ջերմ եւ կենսուրախ բառերով, միշտ երգելու նման պատմած էր:
Այնքան շնորհք եւ միաժամանակ նոյնքան ալ հոգեկան խռովք, քնարական շունչով օծուն մաքուր եւ անբիծ տողերով իր գիւտարար բանաստեղծութիւններու կողքին, ան նաեւ գրած էր առակներ, քնարերգու պատմուածքներ, հեքիաթներ, սրամիտ լոռեցիի ու նաեւ Կովկասի հայկական գիւղերու կեանքէն վերցուած առածներով եւ զրոյցներով միատեղ:
Ինքն էր, որ դարձաւ մեր գրականութեան ազգային զանթօնքի յառաջապահը ու այս ձեւով միշտ բարձր պահեց իր ապրած ժամանակը, հայ ժողովուրդի անցած ճանապարհին հետ զուգահեռ: Իր անունը շատ շուտ դուրս եկաւ Հայաստանի սահմաններէն եւ յափշտակեց հայ մտքի բոլոր հոսանքները:
Դարձեալ ինքն էր, որ մեր գրականութեան մէջ շնորհիւ իր ճարտար եւ ազգային մտածողութեան, դարձաւ իր ժողովուրդի ցաւերուն, անոր պաշտելի աւանդութիւններուն եւ հայրենիքի գեղեցիկ բնութեան հարազատ երգիչը: Մաքուր եւ անբիծ:
Այդ օրերուն իր բոլոր էջերուն մէջէն կը յորդորէր, որ ազգը հաւատարիմ պէտք է մնայ իր էութեան, իր ընտանիքին եւ անոր մէջ եղած հզօր ներուժին: Ահա կենսական աւանդ մը: Ուխտի վերածուող պատգամ մը:
Եւ վերջապէս Ինքն էր, որ մնաց մեր գրականութեան մէջ իբրեւ մեծ կոթող՝ իր ոճական ինքնատիպ կառոյցով, հաճելի լեզուով, դարաւոր խորհուրդի ակունքներէն ծորող պատմողական իր արձակով եւ իր հոգիի զօրութեամբ, իր գրիչի հանճար ստեղծագործութեամբ, բարի, զուարթ, ընկերասէր եւ հիւրասէր բնաւորութեամբ մեր մեծ բանաստեղծը:
Յովհաննէս Թումանեան, չմոռցաւ հայ մանուկը: Ու զարկ տալով հայ մանկական գրականութեան մեր նոր սերունդին հրամցուց սքանչելի ստեղծագործութիւններ, պատմումներ, միեւնոյն ատեն ներշնչելով բարոյական բարձր չափանիշեր: Ու մեր գրականութիւնը վար ու ցան եղաւ իր այս նոր աւիշով ու նոր «սնունդով»:
Հաստատապէս ան ամբողջ իր կեանքը նուիրեց հայ գրականութեան եւ յաճախ ալ հասարակական կեանքին, միշտ իր ընթերցողներուն ներշնչելով սէրը դէպի հայրենի բնութիւնը, գեղեցիկ ու բարի զգացումները, մեր մայրենի լեզուի իր պաշտամունք գիտելիքներով:
Ահա թէ ինչպէս մեր մտապաշարը զարգացաւ, իր ժողովուրդի պատմական շրջաններու քմայքն ու սրամիտ երեւակայութիւնը արտացոլացնող իր հաճելի հեքիաթներով: Իր գեղեցիկ մտայղացման արդիւնքն էր ծնունդը «Վերնատուն»ին, զոր վերածեց գրասէր եւ գրագէտ խմբակի կեդրոնի մը ու մէկ յարկի տակ համախմբեց իր օրերու հայ միւս մեծ գրիչները եւ մտաւորականները՝ Աղայեանն ու Պռօշեանը, Իսահակեանն ու Դէմիրճեանը, Տէրեանն ու Աղբալեանը, Շանթը, Ահարոնեանը, Կոմիտասը, Շիրվանզատէն եւ Փափազեանը:
Պատիւ իրեն:
Ահա թէ ո՞վ էր Յովհաննէս Թումանեան, մեր «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»ը, որուն այս տարի համայն հայութիւնը հպարտօրէն պիտի տօնախմբէ ծննդեան 150ամեակը:
Մեզի համար նման յիշատակումը ինքնին իր հետ պիտի բերէ նաեւ նոր մտածումներ, նոր ծրագրեր, եւ մանաւանդ՝ հեղինակին ինքնութեան ճանաչման եւ կրկին անգամ անոր «նայելու», ծանօթանալու եւ հաղորդուելու, նոր եւ գեղեցիկ առիթ մը, որ պիտի ջերմացնէ մեր հոգիները եւ պիտի հարստացնէ մեր միտքերը:
Նաեւ կը հաւատամ, որ յոբելենական այս թուականը, թէեւ մէկ կողմէ գնահատանքի տուրքը տալու հասկացողութիւնն է, բայց միւս կողմէ ալ Թումանեանով վերանորոգուելու՝ արդար եւ ազնիւ հրաւէրը: