ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերիոյ բարձրագոյն դատարանը մերժեց վերջերս Ժընեւի մէջ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին դէմ բողոքը, կը հաղորդէ զուիցերիական «Սուիսինֆօ» լրատու գործակալութիւնը:
Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ դաշնակցային դատարանը 18 Փետրուարին հրապարակած իր որոշումով՝ մերժեց բողոքը Ժընեւի որոշ բնակիչներու, որոնք նշած էին, թէ «յուշարձանին կանգնեցումը կրնայ յանգեցնել ցոյցերու: Անիկա նոյնիսկ կրնայ բախումներու վայր դառնալ՝ հայ եւ թուրք համայնքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ»:
Յուշարձանը հաստատուած էր անցեալ տարուան Ապրիլին, երկար բանավէճերէ եւ յետաձգումներէ ետք:
Նշենք, թէ յուշարձանը ֆրանսահայ արուեստագէտ Մելիք Օհանեանի գործն է: