ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Միւնիխի մէջ տեղի ունենալիք Ապահովական հարցերու խորհրդաժողովին ընթացքին շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ զանազան երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ եւ կը նախատեսուի նաեւ անոր հանդիպումը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ, 14 Փետրուարին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
Նշենք, որ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ 15-17 Փետրուարին եւ կ՛ակնկալուի, որ Լաւրով հանդիպումներ ունենայ նաեւ Գերմանիոյ, Հարաւային Քորէայի, Պելճիքայի, Փաքիստանի, Մոնկոլիոյ, Խրուաթիոյ եւ Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Լաւրով խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ նաեւ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութեանց գերագոյն ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:
Նշենք, որ Մնացականեան 15-17 Փետրուարին, Միւնիխի մէջ նոյնպէս պիտի ունենայ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ խորհրդաժողովին մասնակցող արտաքին գործոց նախարարներու եւ այլ պաշտօնատարներու հետ: