ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ինթըրֆաքս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին յայտարարեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մէջ զինուորական հաւանական գործողութիւնը պէտք է լաւապէս կազմակերպուած ըլլայ՝ աւելցնելով. «Ռուսիա Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան կեդրոններու գոյութիւնը պիտի չարտօնէ։ Իտլիպ 2017ին ստեղծուած լարուածութեան մեղմացման չորս գօտիներէն վերջինն է, որ տակաւին կը գործէ։ Լարուածութեան մեղմացման գօտիներու շուրջ բոլոր համաձայնութիւններուն մէջ սկիզբէն իբրեւ հիմնական կէտ նշեցինք, որ ասիկա ժամանակաւոր դասաւորում մըն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ոչ ոք այդ շրջանը յաւիտեանս պիտի ճանչնայ ինչպէս որ է»:
Յիշեցնենք, որ Իտլիպ փոխադրուած էին Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ պարտութիւն կրած իսլամ ծայրայեղական զինեալներ եւ անոնց ընտանիքները։
«Այդ շրջանը Սուրիոյ պետութեան եւ սուրիական հողերու անբաժանելի մէկ մասն է, ինչ որ կը նշանակէ, որ Սուրիոյ մէջ գարշելի ահաբեկչութեան արգելոցներու գոյութիւնը պիտի չարտօնենք: Մենք եւ Ռուսիոյ նախագահը անկեղծօրէն յայտնեցինք, որ ուշ կամ կանուխ պէտք է վերջ տալ ահաբեկչութեան», ըսաւ Վերշինին:
«Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը եւ Իտլիպի կացութիւնը այն ամէնէն կարեւոր հարցերէն են, որոնք պիտի ըլլան Սոչիի մէջ 14 Փետրուարին, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի ղեկավարներուն հանդիպումին ընթացքին քննարկման սեղանին վրայ», եզրակացուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը։