ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու իր թուրք պաշտօնակիցին հետ հանդիպելու նպատակով, 11 Փետրուարին այցելեց Անգարա: Անդրադառնալով 14 Փետրուարին տեղի ունենալիք եւ Սուրիոյ տագնապին նուիրուած՝ Փութին-Էրտողան-Ռոհանի հանդիպման՝ Շոյկու յոյս յայտնեց, որ այդ հանդիպումէն առաջ կողմերը կը յաջողին համակարգել Սուրիոյ մէջ իրենց գործողութիւնները:
Շոյկու նաեւ ընդգծեց, որ ռազմական ոլորտի ռուս եւ թուրք մասնագէտները Մոսկուայի մէջ վերջերս քննարկած են Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման եւ Եփրատ գետի արեւելեան շրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման հարցերը:
Իր կարգին, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար նշեց, որ Շոյկույի հետ իր հանդիպումը, ըստ էութեան, ռուս նախարարին նշած քննարկումներուն տրամաբանական շարունակութիւնն էին եւ մաս կը կազմեն վերոյիշեալ եռակողմանի հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն: