ԵՐԵՒԱՆ.- Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճին մէջ մասնակցեցաւ «Պետութիւն-համայնք համագործակցութեան նոր ձեւաչափ. ենթակառուցուածքներու զարգացում» խորագիրով համաժողովին:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ համաժողովին մասնակցեցան մարզպետները, մարզպետարաններու պատասխանատուներ, համայնքներու ղեկավարներ, համայնքներու տնտեսական զարգացման հարցերու պատասխանատուներ եւ ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչներ:
Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ տարածքային կառավարման եւ զարգացման ոլորտին մէջ կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն:
Վարչապետը, ողջունելով համաժողովը՝ նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կայուն զարգացման գրաւականը մեր համայնքներու ընկերային-տնտեսական զարգացումն է: Ան ընդգծեց, որ համայնքներուն մէջ բազմաթիւ են կուտակուած հարցերը, որոնց լուծման համար կը պահանջուի սրտացաւ եւ ամէնօրեայ աշխատանք, բայց նախ կարեւոր է արձանագրել այն յարաչափերը, որոնց ծիրին մէջ կը պատկերացնենք այդ ամէնօրեայ եւ սրտացաւ աշխատանքը:
Համաժողովին ընթացքին կը քննարկուին համայնքներու տնտեսական եւ ընկերային ենթակառուցուածքներու զարգացման հեռանկարները, նպաստի տրամադրման նոր կարգը, այդ գործընթացին մէջ ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի հայաստանեան գրասենեակի հնարաւոր աջակցութիւնը եւ օրակարգային այլ հարցեր:
Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող համայնքներու տնտեսական եւ ընկերային ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղուած նպաստի ծրագիրը համայնք-պետութիւն հորիզոնական համագործակցութեան նոր ձեւաչափ է, որ կ՛ենթադրէ համայնքին կողմէ հիմնական որեւէ ծրագիր ներկայացուելու եւ կառավարութեան կողմէ դրական եզրակացութիւն ստանալու պարագային, այդ ծրագիրի ծախսին մէկ մասի համաֆինանսաւորում պետական պիւտճէի միջոցներով: Պայմանաւորուած յստակ ծրագիրի ոլորտին մէջ, առանձնայատկութեամբ, աշխարհագրական դիրքով, ինչպէս նաեւ տուեալ համայնքի ընկերային-տնտեսական իրավիճակին վրայ այդ ծրագիրին ազդեցութեամբ՝ պետական պիւտճէէն կը համաֆինանսաւորուի համայնքներու ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղուած նպաստի ծրագիրներու ընդհանուր ծախսին 30-70 տոկոսի չափով: