ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» ուխտին նախաձեռնութեամբ, 1 Փետրուարին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը՝ դատապարտելու համար շրջանի հայկական վարժարաններուն վրայ Յունուար 28էն 29 լուսցող գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցած ատելութեան ոճիրին, նոյն ժամանակ զօրակցելու համար յարձակումներուն թիրախ դարձած երկու վարժարաններուն՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանին եւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին։ Նշենք, որ Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը կը հետաքննէ յարձակումը, որ անոր կողմէ բնութագրուած է իբրեւ «ատելութեան ոճիր», որմով ամբաստանուողները շատ աւելի խիստ պատիժներու կ՛ենթարկուին։
Յիշեցնենք, որ յարձակումին ընթացքին թրքական դրօշակներ կախուած էին վարժարաններուն տարածքին:
Հայաստանի դրօշակներ, ինչպէս նաեւ ոճիրը դատապարտող պաստառներ կրող մօտաւորապէս 200 աշակերտներ, ծնողներ եւ զօրակցողներ մասնակցեցան քայլարշաւին, որ սկսաւ կ.ե. ժամը 4ին, Ֆերահեան վարժարանէն։ Մասնակցողները մօտաւորապէս երկու մղոն քալեցին, շրջանի քաղաքացիները իրազեկ դարձնելով անարգ յարձակումին մասին։
Ֆերահեան վարժարանի տնօրէն Սօսի Շանլեան յայտնեց, թէ հակառակ անոր, որ քայլարշաւին մասնակցութիւնը պարտադիր չէր, մեծ թիւով աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին, իսկ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէն Արփի Ավանէսեան, իր կարգին ըսաւ, թէ միասնական ջանքրով կարելի պիտի ըլլայ դէմ դնել ատելութեան նման դրսեւրումներու։