ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին տարեկան 31րդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 17ին, կ.ե. ժամը 5էն սկսեալ, Ֆրեզնոյի «Ֆորթ Ուաշինկթըն» ակումբի սրահին մէջ:
Այս տարուան ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն է Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան։
Բայբուրդեան անցեալ տարուան Սեպտեմբերին վերանշանակուեցաւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս. պաշտօն մը, զոր ստանձնած էր նաեւ 1995էն 1997ի միջեւ։ 2000էն 2004, ան եղած է Հնդկաստանի, Նեփալի, Սրի Լանքայի եւ Ինտոնեզիոյ մօտ Հայաստանի առաջին դեսպանը։ Ան նաեւ ստանձնած է ՄԱԿի մօտ Հայաստանի դեսպանի տեղակալի պաշտօնը։
Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս պիտի մեծարուին Հայագիտական ծրագիրէն շրջանաւարտ եղած եւ կրթանպաստներ ստացած առաւել քան 50 ուսանողներ:
Մասնակցութեան սակը 50 տոլար է, իսկ համալսարանի ուսանողներուն եւ անձնակազմին համար՝ 25 տոլար:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: