ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, 14 Փետրուարը Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնն է։ Չորեքշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ պիտի կատարուի։ Արարողութեան ընթացքին, ծնողներ առիթը պիտի ունենան իրենց նորածին մանուկներն ու փոքր երեխաները, Յիսուս մանուկի օրինակով ընծայելու եկեղեցւոյ, ուր քահանայ հայրերը զանոնք պիտի բարձրացնեն Ս. խորան։
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն՝ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Արարողութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6։30ին։
ՀՄԸՄի սկաուտական խմբապետներ, վարչական պատասխանատուներ եւ անդամներ ներկայ պիտի ըլլան արարողութեան։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Ս. խորանէն բերուած Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմով, առաջնորդ սրբազան հօր ձեռքով պիտի վառուի խարոյկը եւ ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէս։