ՊՈԼԻՍ.- Չորեքշաբթի կէսօրին, Պաքըրգիւղի քաղաքապետին մասնակցութեամբ, Զէյթինլիք թաղին՝ Տատեան վարժարանին յարող փողոցին մէջ կատարուեցաւ վերանուանումի արարողութիւնը փողոցին, որ Մապէթ փողոց կը կոչուէր, ու անիկա վերստին կոչուեցաւ Տատեան փողոց։ Քաղաքապետը փողոցի մուտքին զետեղեց համապատասխան ցուցատախտակը՝ յոյս յայտնելով, որ մայր քաղաքապետութիւնը կը հաստատէ Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումը եւ վար չ՛առներ ցուցատախտակը։
Նշենք, որ քանի մը տարի առաջ վարժարանի դիմացի փողոցը անուանակոչուած էր Տատեան գերդաստանին ի պատիւ։ Փողոցը «Տատեան» անուանելէ ետք, հակառակ անոր, որ ազգայնապաշտ կարգ մը շրջանակներ դժգոհութիւններ բարձրացուցած էին, քաղաքային իշխանութիւնները տեղի չէին տուած ու հաստատած էին «Տատեան» անունը։ Մայր Քաղաքապետութիւնը չէր հաստատած որոշումը եւ փողոցի անունը փոխած էր «Մապէթ»ի, թնճուկի վերածելով անուան հարցը։
Կը հաղորդուի, որ Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդը՝ տեղւոյն բնակչութեան պահանջով եւ միաձայնութեամբ որոշած է Մապէթ փողոցը վերանուանել Տատեան փողոց։
Պաքըրգիւղի Քաղաքապետը յիշեցուց, որ Յովհաննէս Տատեան, Օսմանեան կայսրութեան շրջանին հիմնած է Պէյքօզի թուղթի գործարանը, Էյուպի հիւսուածեղէնի գործարանը, Հերէքէի հիւսուածեղէնի գործարանը, Զէյթինպուռնուի դարբնոցը եւ Իզմիթի հիւսուածեղէնի գործարանը։