ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը Չորեքշաբթի, 6 Փետրուարին, Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Պրիւնօ Ֆուշէին յղեց նամակ մը, որ կը վերաբերէր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին կազմակերպած տարեկան ընթրիքին ընթացքին Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր հռչակելու իր նպատակին մասին կատարած յայտարարութեան:
Հայ Դատի մարմինը ողջունեց նախագահ Մաքրոնի 2017ին կատարած իր ընտրական խոստումը անգամ մը եւս յայտարարելը՝ աւելցնելով, որ Ֆրանսայի նախագահը արդէն քանի մը ամիս առաջ Երեւան իր այցելութեան ընթացքին վերահաստատած էր նշեալ խոստումը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը յոյս յայտնեց, որ 2001ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած այդ երկրին նախագահը շուտով կը յարգէ իր խոստումը: