ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած՝ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ձեւաւորուած դաշինքին անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որուն աւարտին տրուած մամլոյ ասուլսին ընթացքին ան յայտարարեց, թէ Սուրիոյ Մընպեճ քաղաքէն քրտական ուժերը հեռացնելու համաձայնութեան գործադրութիւնը ուշացած է ամերիկեան կողմին վրապահութիւններուն հետեւանքով։
Ան նաեւ յայտարարեց, որ թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խմբակ մը ստեղծուած է, լաւապէս համակարգելու համար Սուրիայէն ամերիկեան զինուորական ուժերը դուրս բերելու գործընթացը՝ աւելցնելով, որ համակարգումը պիտի երաշխաւորէ այդ հեռացումը, առանց հարցերու։