ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երախտագիտութիւն յայտնեց Վենեզուելլայի ընդդիմադիր ղեկավար Խուան Կուայտոյին զօրակցող երկիրներուն։
Այս մասին յայտարարութեան հետ, ան հրապարակեց այս գծով Ամերիկայի աջակցող երկիրները նշող քարտէս մը, ուր Թուրքիան կիսուած է, իսկ Հարաւային Կովկասի, ներառեալ Հայաստանի սահմանները ներկայացուած են խեղաթիւրուած ձեւով: