ԱՆԳԱՐԱ, «Ամերիկայի Ձայն».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Էրտողան քննադատեց Վենեզուելլայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօն իշխանութենէն հեռացնելու համար Միացեալ Նահանգներու առաջնորդած ջանքերը, զանոնք «կայսերապաշտ քաղաքականութեան» հետեւանք նկատելով։
Խորհրդարանին մէջ 7 Փետրուարին ունեցած ելոյթին ընթացքին, Էրտողան, իր խօսքը ուղղելով Թրամփին՝ հարցուց. «Ի՞նչ իրաւունք ունիք այլ նախագահ նշանակելու: Ո՞ւր է ձեր ժողովրդավարութիւնը: Ինչպէ՞ս այս մէկը կարելի է ընդունելի նկատել», ակնարկելով ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտօն երկրին նախագահը ճանչնալու Ուաշինկթընի որոշումին։