– Ըստ Ռուսիոյ պետական մաքսային ծառայութեան տուեալներուն՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտուրի ծաւալը 2018ին աճած է 15.7 առ հարիւրով եւ հասած 25.6 միլիառ տոլարի, կը հաղորդէ թրքական «Աքշամ» թերթը:
– Մինչ Օքլահոմայի բնակչութեան ամենաաղքատ 20 տոկոսը միջին հաշիւով տեղական եւ նահանգային 13.2 տոկոս տուրք կը վճարէ, նահանգին ամենահարուստ մէկ տոկոսին համար այդ համեմատութիւնը միայն 6.2 տոկոս է։
– Այս տարուան Յունուար ամսուան ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ առնուազն 155 բանուորներ զոհուած են աշխատավայրերու մէջ տեղի ունեցած արկածներու հետեւանքով։