ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Պանարմենիան Մեդիա Գրուպ»ին հետ համագործակցող ընկերութիւններու բաժնետէրերու կազմին մէջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ: «ԱՏՎ»ի բաժնետոմսերու 51 տոկոսի սեփականատէր դարձած է գործարար, Ամերիկայի մէջ հեռարձակուող «Պանարմենիան թիվի» պատկերասփիւռի ընկերութեան ղեկավար Դաւիթ Աւետիսեան, իսկ 49 տոկոսի սեփականութեան իրաւունքը փոխանցուած է ամերիկեան «Panarm Inc.» ընկերութեան:
Փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ «Արմնիւզ» պատկերասփիւռի ընկերութեան, «Լաւ» ռատիոյի եւ «Թերթ» լրատուական կայքի բաժնետէրերու կազմին մէջ: «Արմնիւզ»ը, «Լաւ» ռատիօն (Ռադիօ 107fm) եւ «Թերթ»ը այժմ կը պատկանին «Քառեակ Մեդիա»ին:
Իսկ «Արմէնիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան եւ «Ռադիօ Ջան»ի (Ռադիօպռօ) բաժնետոմսերուն 100 տոկոսը արդէն կը հանդիսանայ ռուսական «Քոմեդի քլաբ պրոդաքշըն»ի հիմնադիր Արթուր Ջանիբեկեանի ընտանիքի սեփականութիւնը:
Նկատի ունենալով մասնակից ընկերութիւններու բաժնետէրերու փափաքը՝ որոշուած է դադարեցնել «Պանարմենիան Մեդիա Գրուպ»ի գործունէութիւնը, լուծել անոր հետ համագործակցող բոլոր ընկերութիւններուն հետ կնքած կառավարման պայմանագիրները: