«Այցելութիւնս Երեւան մեծ աղմուկ բարձրացուց թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ: Երկու կողմէն եղան անհաւանական վարկածներ եւ դատավճիռներ: Հայկական կայքերէն մէկը նոյնիսկ գրեց, որ ես սկսած եմ արտաքին նախարարութեան թոյլատրութեամբ աշխատելու Հայաստանի մէջ: Իսկ միւս լրատուամիջոցները աւելի իւրօրինակ գտնուեցան եւ փոքր «սադրանք»ի դիմեցին՝ գրելով, որ ես այցելած եմ 1915ի Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը», կը գրէ «Թուրան»ի խմբագիր Շահին Հաճիեւ, որ 6 Փետրուարին վերադարձաւ Ատրպէյճան:
Ան կը պատմէ իր առաքելութեան մասին: Ըստ Հաճիեւի՝ գաղափարը ծնած էր տարի մը առաջ: Քանի մը ամիս գաղափարը քննուած է Ատրպէյճանի պետական մարմիններուն եւ Հայաստանի արտաքին նախարարութեան հետ:
«Ինչո՞ւ պէտք էր այցելէի: Պէտք չկայ բացատրելու, թէ որքան կարեւոր է հասկնալ հանրութեան տրամադրութիւնները երկրի մը, որուն հետ ռազմական հակամարտութիւն ունինք: Այդ է հիմնական նպատակը: Հայերու եւ Հայաստանի համար կան շարք մը հարցեր, որոնք որոշիչ նշանակութիւն ունին՝ 1915ի իրադարձութիւնները, հայկական եկեղեցւոյ քաղաքական դերը եւ Ղարաբաղը», կը գրէ ան:
Հաճիեւի կ՛ըսէ, որ այդ հարցերն ալ եղած են ուշադրութեան կիզակէտին:
«Նկատի ունենալով հայկական լրատուամիջոցներու հրապարակումները այս մասին եւ Պաքուի ցաւոտ արձագանգը, խօսիմ այդ նիւթին մասին: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ հաւատարմագրուելէ ետք դիմեցինք յուշահամալիրի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանին՝ 1915ի իրադարձութիւններուն մասին հարցազրոյցի մը խնդրանքով: Պարոն Մարութեան հրաւիրեց զիս թանգարան, սակայն հարցազրոյցէն հրաժարեցաւ՝ ըսելով, որ թանգարանի աշխատակիցը կը պատասխանէ հարցումներուն:
Իսկ երբ այցելեցի թանգարան, աշխատակիցը ըսաւ, որ հարցումներուն պատասխանելու լիազօրութիւն չունի: Ցուցանմուշները լուսանկարելը արտօնուած չէր: Այդպէս՝ աւարտեցաւ թանգարան այցելութիւնը», կը գրէ Հաճիեւ:
Ատրպէյճանցի լրագրողը կը յայտնէ, որ 1915ի նիւթը արծարծուեցաւ Հայաստանի բոլոր քաղաքական գործիչներուն եւ հանրային գործիչներուն հետ զրոյցներուն ընթացքին: Երեւանի մէջ, կը գրէ ան, բոլոր փաստարկներուն իբրեւ պատասխան՝ կ՛ըսեն մէկ բան. «Թուրքերը շատոնց ծրագրած էին հայոց ոչնչացումը, որպէսզի մաքրեն Թուրքիան քրիստոնեաներէ»:
«Նոյնիսկ եթէ հայերը տեղ մը զէնք բարձրացուցած են, պէտք չէր բոլորը սպաննել»: Ահա այդ միտքերով ալ լքեցինք յուշահամալիրը», կը նշէ Հաճիեւ:
«Հաքքին.ազ» կը յայտնէ, որ 2005էն ի վեր ասիկա Հաճիեւի առաջին Երեւան այցելութիւնն էր: