ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յառաջիկայ տարիներուն, Բերձորի մէջ գիւղատնտեսական քոլեճ պիտի հիմնուի, ըստ «Արցախփրէս»ի՝ 5 Փետրուարին յայտնեց Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզի նախարար Նարինէ Աղաբալեան:
Ան նշեց, որ քոլեճի հիմնադրութեան աշխատանքները կը տարուին Ամերիկա գործող «Աբրահամեան» հիմնադրամին հետ:
Ըստ նախարարին՝ գիւղատնտեսական քոլեճը պիտի ըլլայ ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան: Այնտեղ պիտի պատրաստուին այնպիսի մասնագէտներ, որոնք անհրաժեշտ են շրջանի գիւղատնտեսական ծրագիրները իրագործելու համար: