ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան իր զօրակցութիւնը յայտնեց քրտական Ժողովրդավարական հասարակութեան համախմբում կազմակերպութեան համանախագահուհի Լէյլա Կիվուէնին:
Փայլան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ լուսանկար մը հրապարակած է եւ գրած. «91 օր հացադուլի մէջ գտնուող Լէյլա Կիվուէնի համար զօրակցութեան հերթապահութեան մէջ ենք»:
Նշենք, որ իր կարգին բանտարկուած Լէյլա Կիվուէն, ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանին պարտադրուող սահմանափակումները վերցնելու պահանջով հացադուլի սկսած էր բանտին մէջ:
Դատարանը, անոր առողջական վիճակը նկատի առնելով, զայն ազատ արձակած էր, սակայն ան իր տան մէջ կը շարունակէ հացադուլը: