ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Տիգրանակերտի Քայափընար շրջանին մէջ յայտնաբերուած է մօտաւորապէս 1200 տարուան հնութիւն ունեցող Աստուածաշունչ մը, որ ոստիկանութեան կողմէ գրաւուած է խումբ մը գանձագողերէ, կը հաղորդէ «Ճումհուրիյէթ» թերթը: Աղբիւրին համաձայն՝ ձերբակալուած են 3 կասկածելիներ, որոնք ենթադրաբար ուզած են վաճառել Աստուածաշունչը: Թերթը չի յայտներ, թէ ինչ լեզուով է Աստուածաշունչը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.