ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հինգշաբթի, 7 Փետրուարին, Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Մարտ 1ի քրէական գործով վկայի կարգավիճակով հարցաքննեց Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը:
Առաջին նախագահի մամլոյ խօսնակ Արման Մուսինեան յայտնեց, որ «հարցաքննութիւնը տեւեց 1.5 ժամ»:
Նշենք, որ նախորդ օրը, երկրորդ եւ վերջին անգամն ըլլալով հարցաքննուած էր նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ վկայի կարգավիճակով:
«Հետք» եւ «Հայկական Ժամանակ» լրատուական կայքերը կը հաղորդեն, որ իրենց աղբիւրներուն համաձայն, Սարգսեանի հարցաքննութիւնը տեւած է շուրջ 4 ժամ: